ԱՆԹԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Անթալիայի 3-րդ Դիւանագիտական ֆորումի բացման ժամանակ յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը՝ Ատրպէյճանի հետ համակարգմամբ։ Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ալ յայտնեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շատ մօտ են իրենց յարաբերութիւնները կարգաւորելու։

Անթալիայի 3-րդ Դիւանագիտական ֆորումը, որուն կը մասնակցի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Անգարա-Երեւան առանցքի վրայ հերթական բարձր մակարդակի շփումներու եւ նոր աշխուժութեան առիթ հանդիսացաւ։ Ֆորումի շրջանակներէն ներս երէկ Անթալիայի մէջ տեղի ունեցաւ Հաքան Ֆիտանի եւ Արարատ Միրզոյեանի երկկողմանի հանդիպումը։ Կը հաղորդուի, որ նախարարները ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը եւ վերահաստատեցին յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման հասնելու պատրաստակամութիւնը։ Անոնք կարծիքներ ալ փոխանակեցին այս ուղղութեամբ հաւանական յստակ քայլերու շուրջ։ Ֆիտան եւ Միրզոյեան անդրադարձան նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու։ Կը հաղորդուի, որ Ֆիտան-Միրզոյեան տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացէն ներս երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան։

Այս երկկողմանի հանդիպման առընթեր, Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի ծիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ասուլիս մը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան, բարգաւաճման ու փոխկապակցուածութեան նիւթին շուրջ։ Այս ասուլիսը վարեց «TRT World»էն Ալիճան Այանլար։ Ասուլիսի ատենախօսներու շարքին էին Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան։ Միւս զեկուցողներն էին Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, Վրաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Լաշա Տարսալիա եւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ։ Այս ասուլիսին ընթացքին Սերտար Քըլըչ շեշտեց, որ Թուրքիա կը փափաքի ամբողջութեամբ կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։ «Սա ո՛չ թէ կարգաւորման, այլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխադարձ վստահութեան ստեղծման գործընթաց մըն է», ըսաւ Քըլըչ։ Ասուլիսի ընթացքին ան Ռուբէն Ռուբինեանին հրապարակաւ առաջարկեց յաջորդ շաբաթ այցելել Երեւան եւ այդ մէկը բնականոնացման ճանապարհին պատմական պահ մը դարձնել։ Իր կարգին, Ռուբէն Ռուբինեանն ալ անմիջապէս արձագանգեց Սերտար Քըլըչի խօսքերուն եւ ըսաւ. «Լաւ, մենք սա միասին կը քննարկենք։ Մենք այսօր աւելի ուշ կը քննարկենք՝ ո՛ւր եւ ե՛րբ կը հանդիպինք»։

Ասուլիսի ընթացքին Ռուբինեան ելոյթին ժամանակ բարձրաձայնեց Երեւանի կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան հիմնական առանցքները։ Ան նշեց, որ ինք պատճառ չի տեսներ՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի փակ մնալուն համար։ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հասարակութիւններուն միջեւ վստահութեան կառուցման առումով կարեւոր է պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը», ըսաւ Ռուբէն Ռուբինեան, որ Անթալիայի մէջ խօսեցաւ նաեւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումներուն շուրջ։ «Հայաստան ամէն ինչ կ՚ընէ՝ համաձայնեցուած սկզբունքները ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին մէջ ամրապնդելու համար, սակայն Ատրպէյճանի կողմէ բաւարար ջանքեր չենք տեսներ», ըսաւ ան։ Անդրադառնալով տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հեռանկարներուն եւ միջանցքի թնճուկին՝ Ռուբինեան ըսաւ. «Հայաստան երբեք չէ համաձայնած՝ Ատրպէյճանին արտատարածքային միջանցք մը տալու»։ Ան նշեց, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն չունի Զանգեզուր։

Իր կարգին, Հիքմէթ Հաճիեւ ֆորումի ընթացքին նշեց, որ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնը Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ պիտի ըլլայ, այլ ոչ թէ Փարիզի կամ Պրիւքսէլի մէջ։ Ան հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ Ատրպէյճանի անհանգստութիւնները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն շուրջ։ Իսկ Ռուբէն Ռուբինեան նշեց, որ սա կը համարուի Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործը։

Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ յատուկ քննարկման ընթացքին Թոյվօ Քլաարն ալ իրատես նկատեց մօտաւոր ապագային Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը։ Եւրոպացի պաշտօնատարը համոզուած է, թէ որպէս տարածաշրջանի յառաջատար երկիր՝ Թուրքիա կրնայ ուժեղ ազդեցութիւն գործել հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղութեամբ։

Թոյվօ Քլաար այս ելոյթին առընթեր երէկ Անթալիայի մէջ երկկողմանի հանդիպումներ ալ ունեցաւ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս առանձնազրոյցներուն առընթեր, Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը բազում երկկողմանի հանդիպումներու թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Հաքան Ֆիտան, բացի Արարատ Միրզոյեանէն, տեսակցեցաւ նաեւ Ճէյհուն Պայրամովի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Այս վերջինը առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Արարատ Միրզոյեան երէկ Անթալիայի մէջ զրուցեց նաեւ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ Ալի էլ Եահեայի, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի գծով պետական նախարար Լէօ Տոքերթիի հետ։

Անթալիայի 3-րդ Դիւանագիտական ֆորումի պաշտօնական բացման արարողութիւնն ալ բազմաթիւ մասնակիցներու միջեւ զրոյցներու առիթ հանդիսացաւ։ Այս փուլին Արարատ Միրզոյեան զրոյցներ ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շիւքրիի, ինչպէս նաեւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ նախկին ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ։

Այս առաւօտ, Անթալիայի մէջ Արարատ Միրզոյեան մասնակցեցաւ յատուկ ասուլիսի մը, որու ընթացքին հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։ «Միջազգային առեւտուր, փոխկապակցուածութիւն եւ փոխադարձ կապուածութիւն» խորագրով կազմակերպուած այս ասուլիսը վարեց Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ։ Արարատ Միրզոյեանի առընթեր աշխարհի զանազան տարածաշրջաններէն հեղինակաւոր մասնակիցներ կը գտնուէին այս ասուլիսի ատենախօսներու շարքին։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ յայտարարեց, որ ուժի կիրառումը անընդունելի է եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հարաւային Կովկասի իրավիճակին եւ Երեւան-Պաքու գործընթացին։ «Մենք մեծապէս կ՚աջակցինք Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան։ Ընդգծած ենք, որ այդ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խաթարում լուրջ հետեւանքներ կ՚ունենայ», յայտարարուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան կողմէ։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2024