ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր շրջա­գա­յու­թեան մը կը ձեռ­նար­կէ դէ­պի Տա­ճի­կիս­տան եւ Խրղը­զիս­տան։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան ա­ռա­ջին հանգ­րուա­նը կը հան­դի­սա­նայ Տու­շան­պէն։ Աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով Նալ­պան­տեան Տա­ճի­կիս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ կը մաս­նակ­ցի Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։

Վա­ղը եւ միւս օ­րը Նալ­պան­տեան պի­տի գտնուի Պիշ­քէ­քի մէջ, ուր նախ պի­տի մաս­նակ­ցի ԱՊՀ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։ Խոր­հուր­դի նիս­տէն օր մը վերջ Նալ­պան­տեան պաշ­տօ­նա­կան այց մը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ դէ­պի Խրղը­զիս­տան եւ այս շրջագ­ծով շփում­ներ պի­տի ու­նե­նայ այդ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թե­նէն բարձ­րաս­տի­ճան դէմ­քե­րու հետ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2015