ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐ

Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարը երէկ աւանդական խանդավառութեամբ նշուեցաւ մեր համայնքին կողմէ։ Այս տարուան Սուրբ Զատիկը եղբայրութեան տաղաւարի մը վերածուեցաւ թրքահայութեան տեսակէտէ։ Վերջին շրջաններու ալեկոծումներէն վերջ, մեր համայնքի անդամները իրարու հետ ողջագուրուեցան անկեղծօրէն, ինչ որ լիցքաթափման դրական գործօն մը հանդիսացաւ։ «Քրիստոս յարեաւ» աւետիսը հնչեց՝ առիթ դառնալով մեր համայնքի ապագայի նկատմամբ լաւատեսութեան ու վստահութեան։

Ս. Զատկի առթիւ մեր բոլոր եկեղեցիները շէնցան հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ։ Հայահոծ թաղերու եկեղեցիներուն առընթեր, բնակչութենէ նօսրացած շրջաններու մեր սրբավայրերն ալ հիւրընկալեցին հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Թէ՛ Գումգաբուէն եւ թէ մեր բոլոր եկեղեցիներէն հաւատացեալները վերադարձան տօնական աւետիսով, բարձր տրամադրութեամբ եւ զատկուան կարմիր հաւկիթներով։

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Յետմիջօրէին Ս. Յարութեան տաղաւարի պաշտօնական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Այսպէս, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ համախմբուած էին մեր հոգեւորականաց դասու անդամները, մեր հաստատութիւններու վարիչները եւ համայնքային շրջանակներէն բազում ներկայացուցիչներ։ Պատրիարքական Աթոռին յղուած շնորհաւորութիւնները ընդունեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին նաեւ Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկի օրերուն համար Մայր Աթոռէն քաղաքս ժամանած Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Երեմիա Վրդ. Աբգարեան եւ Տ. Մինաս Աբեղայ Հախվերտեան։

Մինչ կը շարունակուէր ընդունելութիւնը, Պատրիարքարան այցելեց ԱՔ կուսակցութեան ղեկավարներէն Մեհտի Էքէր, որ Ս. Զատկի առթիւ շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ յղեց մեր համայնքին։ Մեհտի Էքէր, որ մօտաւոր անցեալին նախարարի պաշտօն կը զբաղեցնէր, ներկայիս փոխ-կուսակցապետ է եւ երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին ջերմ զրոյց ունեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ մեր համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Ընդունելութեան մասնակիցներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեանն ու կողակիցը՝ Մերի Աւագեան, ինչպէս նաեւ համայնքի այն անդամները, որոնք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մէջ կը զբաղեցնեն զանազան պաշտօններ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Ան ողջունեց համայնքի բոլոր անդամները եւ տօնական առիթով փոխանցեց շնորհաւորութիւններ, օրհնութիւններ։ Նորին սրբազնութիւնը ակնարկեց անցեալ շուրջ տարուան մը ընթացքին մեր համայնքէն ներս ապրուածներուն։ Ան ըսաւ, որ թէեւ եղան հարցեր, սակայն այդ բոլորը կը համարուին ընտանեկան խնդիրներ ու պէտք է լուծուին ընտանիքի մէջ։  Ըստ իրեն, համայնքի բոլոր անդամները կը համարուին նոյն ընտանիքի զաւակները եւ պէտք է զիրար ողջագուրեն։

Հաւաքոյթի տեւողութեան ներկայաց-ւեցաւ Պատրիարքարանի տարեկան պիւտճէն, նաեւ խօսք բացուեցաւ մեր համայնքի զանազան վարչական հարցերուն շուրջ (այս բոլորին մասին կարդալ՝ յարակից սիւնակներուն մէջ)։

Իր կարգին, Մեհտի Էքէրն ալ հակիրճ ելոյթ մը ունենալով շնորհաւորեց մեր համայնքին Ս. Զատիկը։ Ան շեշտեց անցեալի մէջ մեր համայնքին կողմէ բոլոր բնագաւառներու մէջ բերուած նպաստը մեր երկրին համար։ Մեհտի Էքէր ըսաւ, որ մեր համայնքի անդամները կը համարուին հարազատ եղբայրներ եւ քաղաքացիներ։

Փակման խօսքին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գնահատեց մեր վարչայինները, որոնք իրենց նպաստը կը բերեն մեր հաստատութիւններու կառավարման։ Ան մասնաւորապէս գնահատեց մեր այն վարչական խորհուրդները, որոնք կալուածներու պարագային մշտական ձեռքբերումներ կ՚ապահովեն։ Նորին սրբազնութիւնը երախտագիտական զգացումներով ողջունեց նաեւ մեր համայնքի բարերարները, որոնք միշտ զօրավիգ կը հանդիսանան մեր հաւաքական կեանքին։

Հուսկ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ միասնաբար երգուեցաւ «Գովիա Երուսաղէմ» շարականը։ Յաջորդեց Աջահամբոյրը, որու ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց մեր համայնքի ներկայացուցիչներու շնորհաւորութիւնները։ Ան եւս փոխանցեց իր շնորհաւորութիւններն ու օրհնութիւնները, նաեւ բոլորին նուիրեց զատկուան աւանդական հաւկիթներ։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ. ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԿԸ ՊԱԿՍԻ

Գումգաբուի պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի տարեկան պիւտճէն։ Հաշուեքննիչ Պետրոս Մարզուան ներկայացուց մանրամասնութիւններ։ Ան պատասխանեց նաեւ ներկաներու զանազան հարցումներուն։ Ըստ հրապարակուած տուեալներու, Պատրիարքական Աթոռը կը դիմագրաւէ զանազան տնտեսական դժուարութիւններ։ Պատրիարքական Աթոռին այսքան փխրուն նիւթական հաւասարակշռութիւններ ունենալը անշուշտ մեր համայնքին տեսակէտէ խնդրայարոյց պարագայ մըն է։ Բայց եւ այնպէս, երէկ հրապարակուած տուեալներուն մէջ առաւել մտահոգիչ էին այն տուեալները, ըստ որոնց մեր համայնքէն ներս պսակներու եւ մկրտութիւններու թիւը կը նուազի զգալիօրէն։ Այս թափը շուտով ահազանգային համեմատութիւններու կրնայ հասնիլ, եթէ արդէն չէ հասած։

Պատրիարքարանի պիւտճէին առընթեր, երէկուան ընդունելութեան ընթացքին խօսք բացուեցաւ վարչական բնոյթով այլ զանազան նիւթերու շուրջ։ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անդրադարձաւ նորաստեղծ Խորհրդակցական մարմնին եւ անոր աշխատանքային հեռանկարներուն։ Նորին սրբազնութիւնը յայտնեց, որ Պատրիարքարանը կը ծրագրէ Խորհրդակցական մարմնի համար ենթայանձնախումբեր ստեղծել եւ այս ամբողջին մէջ մասնաւոր առաջնահերթութիւն պիտի ընծայուի համալսարանական երիտասարդներու կրթաթոշակներուն։ Նորին սրբազնութիւնը յայտնեց, որ սա հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ մեր նոր սերունդը միացնելու մեր համայնքին։ Ան աւելցուց, որ Պատրիարքարանի բոլոր յաջողութիւնները պիտի պատկանին ոչ թէ իր անձին, այլ մեր ամբողջ համայնքին։

«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՆ

Միւս կողմէ, երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին կարեւոր խօսակցութիւններ ծաւալուեցան նաեւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մասին։ Ներկայ էր նաեւ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլու ամոլը, որ կամաւոր հոգաբարձուի դեր կը կատարէ այս դպրոցին մէջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշեց, որ այս դպրոցը Գումգաբուի Դրսի երբեմնի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքը պիտի տեղափոխուի։ Հորոզօղլու ամոլը տեղեկացուց, որ թէեւ ծրագիրը յապաղած է, սակայն իրենց բարերարը կը շարունակէ պատրաստակամ մնալ՝ նորոգութեան ծախսերը հոգալու համար։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տեղեկացուց, որ Գումգաբուի Դրսի թաղային խորհուրդը վերջերս իրեն ներկայացուցած է կարգ մը մտահոգութիւններ, աշխատանք պիտի տարուի անոնց յաղթահարման եւ այս դպրոցի տեղափոխման համար՝ երկու անունի պահպանմամբ։ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան յիշեցուց, որ Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանը թուղթի վրայ, պաշտօնապէս չէ փակուած։ Հետեւաբար, հաշուի պէտք է առնել այդ հանգամանքով պայմանաւորուած հաւանականութիւնները։

Ինչպէս ծանօթ է, «Հրանդ Տինք» վարժարանը պաշտօնապէս սահմանուած կարգավիճակ մը չունի եւ «հանդուրժուած» ձեւով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ երէկ յիշեցուց, որ առանց պատկան մարմիններու վերջնական տրամադրութեան վերահասու դառնալու պէտք չէ ձեռնարկել գործնական տեղափոխութեան՝ կանխելու համար հաւանական վտանգները։ Բաց աստի, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ այս դպրոցին պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնէ մարմին մը՝ որպէսզի ան անհատներէ կախեալ չըլլայ եւ աւելի երաշխաւորուած ապագայ մը ունենայ։

Թեր ու դէմ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան եւ այդ ամբողջին մէջ շեշտուեցաւ, որ Հորոզօղլու ամոլը տասն տարիէ ի վեր կ՚ապահովէ այս հաստատութեան կայուն երթը։ Անդրադառնալով կարգավիճակի խնդիրներուն՝ Դալար Հորոզօղլու նշեց, որ այս դպրոցը ունի իր առանձնայատկութիւնները։ Եթէ շէնքի փոփոխութեան ժամանակ այդ առանձնայատկութիւնները, անոր դիմագիծը փոփոխութեան ռիսքի մը դէմ յանդիման մնան, ապա իրենց տեսակէտէ շատ աւելի նախընտրելի կրնայ ըլլալ ներկայ շէնքին մէջ շարունակել աշխատանքը։

Հաւաքոյթի ընթացքին մատնանշուեցաւ, որ այս տարի առաջին անգամ հանգանակութիւն մըն ալ կատարուեցաւ այս դպրոցին համար եւ մեր համայնքը բերաւ իր աջակցութեան բաժինը։

Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց, որ թէեւ պէտք է ըլլալ շրջահայեաց, սակայն եթէ մեր համայնքը վարուի բանիմաց, պաղարիւն, ապա այսպիսի խնդիրները անպայման կրնան լուծուիլ։

ՊԷՅՔՈԶԻ ՊԱՐԱԳԱՆ

Միւս կողմէ, երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Պէյքոզի հարցը։ Ընդունելութենէն կը բացակայէին թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Մատնանշուեցաւ, որ թէ՛ Պատրիարքարանը եւ թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը Պէյքոզի գործարկներուն վերաբերեալ զանազան փուլերու մէջ կատարած են պաշտօնապէս անհրաժեշտ վճարումներ։ Ներկայիս, քանի որ բոլորովին տարբեր ուղղութիւն մը որդեգրուած է Պէյքոզի պարագային, թաղային խորհուրդէն կ՚ակնկալուի աւելի առաջ կատարուած պաշտօնական վճարներու վերադարձուիլը՝ Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Երէկուան ընդունելութեան ընթացքին երկու հաստատութիւններու ներկայացուցիչներն ալ հաստատեցին այդ սպասումը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ Պատրիարքարանի «Յովակիմ 1461» հիմնարկը լուծարման վրայզ է։ Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ յայտնեց, որ Պէյքոզի թաղային խորհուրդը պիտի վերադարձնէ այդ գումարները։ ։

   

Երկուշաբթի, Ապրիլ 2, 2018