ԱՐՑԱԽԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՊՐԻԼԻ 14-ԻՆ ՊԻՏԻ ԸՆՏՐՈՒԻ

Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան երէկ հաղորդեց նախօրէին տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին շուրջ։ Այսպէս, ընտրութիւններու առաջին փուլին նախագահական թեկնածուներէն Արայիկ Յարութիւնեան ստացած է ձայներու 49.25 տոկոսը։ Ան առաջին շարքի վրայ դուրս եկած է ընտրութիւններէն, սակայն առաջին փուլին նախագահ ընտրուելու համար բաւարար քուէներ չէ կրցած ապահովել։ Արդարեւ, առաջին փուլին նախագահ ընտրուելու համար անհրաժեշտ է ապահովել ձայներու 50 տոկոսէ մէկ աւելին։ Ուստի, Լեռնային Ղարաբաղի նոր նախագահը յայտնի պիտի դառնայ քուէարկութեան երկրորդ փուլով մը։

Նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին ձայներու 26.4 տոկոսին արժանացաւ թեկնածուներէն Մասիս Մայիլեան, որ զբաղեցուց երկրորդ հորիզոնականը։ Երրորդ հորիզոնականի վրայ տեղ առաւ Վիթալի Բալասանեան, որու ի նպաստ քուէարկեց ընտրողներու 14.7 տոկոսը։ Դաւիթ Իշխանեանն ալ հաւաքեց 2.56 տոկոս ձայն եւ զգաղեցուց չորրորդ հորիզոնականը։

Նախագահի ընտրութիւններու առաջին փուլէն յառաջատար դիրքերու վրայ դուրս եկած անունները արդէն վերջին տարիներուն կարեւոր դերակատարութիւն ունէին Արցախի պետական կեանքէն ներս։ Արայիկ Յարութիւնեան երկար ժամանակ եղած էր վարչապետ կամ պետական նախարար։ Մասիս Մայիլեան ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ՝ որպէս արտաքին գործոց նախարար։ Վիթալի Բալասանեանն ալ Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն էր մինչեւ մօտաւոր անցեալը։

Ընտրութիւններու առաջին փուլի արդիւնքը անխուսափելի կը դարձնէ երկրորդ փուլը, որ տեղի պիտի ունենայ առաջին քուէարկութեան թուականէն 14 օր վերջ, այսինքն՝ 14 ապրիլին։

Քուէարկութեան առաջին փուլի արդիւնքներու յայտնի դառնալէն վերջ Արայիկ Յարութիւնեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան ըսաւ. «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ ու Արցախի իշխանութիւնները պարտաւոր են համագործակցիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ»։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020