ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ Է ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ 60 ՏՈԿՈՍԸ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրէ վարակուածներու 60 տոկոսը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Ըստ նախարարին կողմէ ներկայացուած վիճակագրական վերջին տուեալներուն, երկրի մէջ համաճարակի հետեւանքով մահացածներու թիւը հասած է 277-ի։ Արդարեւ, երէկ 63 հոգի զոհ գացած է համաճարակին։

Երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ 14 հազար 396 քննութիւն կատարուած է։ Նմուշառումներու հիման վրայ պարզուած է 2 հազար 148 վարակեալ։ Ընդհանուր առմամբ, համաճարակի սկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 106 հազար 799 քննութիւն։ Վարակեալներու ընդհանուր թիւն է 15 հազար 679։ Նախարարը յուզումով տեղեկացուց, որ առողջապահական համակարգի մասնագէտներու շարքին ալ կայ 601 վարակեալ։ Թուրքիոյ մէջ այս պահուն 979 հոգի խտացեալ խնամքի տակ է։ 692 հոգի ալ կապուած է արհեստական շնչառութեան սարքաւորման։ Ցայսօր ապաքինածներու թիւը 333 է։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտնեց, որ իւրաքանչիւր անձ պէտք է ինքզինք համարէ կասկածելի ու պէտք է ինքնամեկուսանայ։ «Թուանշանները թէեւ կը բարձրանան, սակայն մահուան համեմատութիւնը կը կազմէ 1.58։ Մեր նպատակն է զոհերու թիւը նուազեցնել», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ կը գտնուին վարակեալներ։ Մեծամասնութիւնը կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ ողողուած են այս վիճակագրութիւններու հիման վրայ հետեւութիւններով։ Մասնագէտներ դիտել կու տան, որ ներկայ շաբաթը ճակատագրական է։ Հակառակ ամէն ինչի, այս պահուն համաճարակի տարածումը հակակշռելի մակարդակի մը վրայ է։ Եթէ քանի մը օր նախազգուշական միջոցներու նկատմամբ հնազանդութիւնը ըլլայ կատարեալ, ապա համաճարակը կրնայ վերջնականօրէն հակակշռի տակ առնուիլ։ Այլապէս, եթէ անոր ծաւալումը հակակշռէ դուրս ելլէ, ապա ամէն ինչ շատ աւելի պիտի դժուարանայ եւ երկրէն ներս շատ աւելի խիստ միջոցներու ձեռք առնուիլը պիտի դառնայ անհրաժեշտ։

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ յայտնեց, որ ընկերային շարժումի նուազեցման հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ է համաճարակի ծաւալման թափի կասեցումը։ Եթէ համաճարակի ծաւալումը շարունակուի, ապա անխուսափելի պիտի դառնան աւելի խիստ նախազգուշական միջոցներ։

Միւս կողմէ, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուն ալ յայտնեց, որ Իսթանպուլի պարագային պատրաստութիւններ տեսնուած են՝ բոլոր վարկածները հաշուի առնելով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 2, 2020