ՃԱ­ԲՈՆ­ՑԻ ԴԱՇ­ՆԱ­ԿԱ­ՀԱՐԹԱ­ՔԱ­ՀԻ­ՐՕ Ա­ՔԻ­ՊԱ­ՅԻՀԱ­ՄԵՐ­ԳԸ՝Ե­ՐԵ­ՒԱ­ՆԻ ՄԷՋ

Մա­յիս 4-ին, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ՝ Երեւանի Քա­մե­րա­յին ե­րաժշ­տու­թեան տան մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Կո­մի­տա­սի երկ­րին մէջ» խո­րագ­րեալ ճա­բոն­ցի դաշ­նա­կա­հար Թա­քա­հի­րօ Ա­քի­պա­յի ե­րաժշ­տա­կան ե­լոյթը։ Օ­րուան հիւրն է հայ օ­փե­րա­յին երգ­չու­հի, սոփ­րա­նօ Ա­րաքս Ման­սու­րեան։

Հա­մեր­գին ներ­կայ պի­տի գտնուին բարձ­րաս­տի­ճան պե­տա­կան այ­րեր, մտա­ւո­րա­կան­ներ, հիւ­րեր: Հա­մեր­գին պի­տի հնչեն մե­ծա­նուն ե­րաժշ­տա­հան­ներ՝ Կո­մի­տա­սի, Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեա­նի, Ա­լեք­սանտր Յա­րու­թիւ­նեա­նի, Է­դուարդ Միր­զո­յեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը:

Շաբաթ, Մայիս 2, 2015