ԱՄՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՐՇԱՒԻ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ

«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը (ԻՇԻՊ) դարձեալ լուրջ հարուածներու կ՚ենթարկուի Սուրիոյ մէջ։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը տեղեկացուց, որ կը պատրաստուի իրականացնել վերջնական գործողութիւններ՝ ԻՇԻՊ-ը ոչնչացնելու համար։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիզըր Նաուէրթ յայտնեց, որ միջազգային համախոհութիւնը Սուրիոյ մէջ նոր ռազմարշաւ մը պիտի կատարէ ԻՇԻՊ-ի դէմ եւ այս գործողութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը։ Այս վերջնոյն կազմէն ներս առանցքն է ԵՓԿ-ն։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա ԵՓԿ-ի գործունէութենէն կ՚անհանգստանայ, որովհետեւ ան ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է՝ ՓՔՔ-ի Սուրիոյ շառաւիղը։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ յառաջիկայ գործողութիւնները յառաջ պիտի տարուին Թուրքիոյ իրազեկումով։ Նաուէրթ յիշեցուց ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ տեսակցութեան ընթացքին։ Արդարեւ, ամերիկեան կողմի համոզմամբ պէտք է արգիլել, որ ԻՇԻՊ վերադառնայ այն տարածքաշրջանները, որոնք ցայսօր իրմէ ազատագրուած են։ Պէտք է արգիլել նաեւ, որպէսզի Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի վարչախումբը կամ Իրանի համախոհները օգտուին ներկայ իրադրութենէն։ Հետեւաբար, ամերիկեան կողմը համոզուած է, թէ մշտական ու ամուր ոտքի հետք մը պէտք է թողուլ այնտեղ։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը ներկայիս հաւատարիմ կը մնայ՝ Սուրիոյ բոլոր տարրերու կամքին նկատմամբ յարգալիր քաղաքական լուծում մը գտնելու նպատակին։ Ամերիկեան ղեկավարութիւնը կը նախատեսէ նաեւ վերակենդանացնել նաեւ Ժընեւի գործընթացը՝ Սուրիայէ ներս մարդասիրական հրատապ օգնութեան եւ կայունութեան կարիքներու դիմագրաւման առաջադրութեամբ։

Նաուէրթի խօսքերով՝ ԱՄՆ յառաջիկայ գործողութիւններուն համար պիտի աշխատի Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Յորդանանի, Իրաքի եւ Լիբանանի հետ՝ անոնց սահմանները ԻՇԻՊ-էն պաշտպանելու համար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 2, 2018