ՋՈՒՐԵՐԸ ՉԵՆ ԽԱՂԱՂԻՐ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ ջուրերը չեն խաղաղիր։ Երէկ, երկրէն ներս յառաջացած տագնապալի կացութեան պայմաններուն ներքեւ կարեւոր օր մըն էր։ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը յատուկ նիստ մը գումարեց ընտրելու համար երկրի նոր վարչապետը։ Բայց եւ այնպէս, խորհրդարանը չյաջողեցաւ ընտրել նոր վարչապետը եւ այս պայմաններուն ներքեւ, ըստ Սահմանարդութեան, շաբաթ մը վերջ դարձեալ տեղի պիտի ունենայ քուէարկութիւն։

Վարչապետի միակ թեկնածուն էր յեղափոխական առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան։ Խորհրդարանի յատուկ նիստը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղադրուած մեծադիր պաստառէն։ Ժամեր շարունակ ծովածաւալ բազմութիւն մը հրապարակի վրայ հետեւեցան խորհրդարանի ժողովին։ Վարչապետի միակ թեկնածու Նիկոլ Փաշինեան ունեցաւ ելոյթ մը, որմէ վերջ արտայայտուեցան երեսփոխանները։ Խորհըրդարանի խմբակցութիւններու անունով ալ եղան ելոյթներ։ Այս բոլորէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ մօտեցաւ ամպիոնին՝ ըսելու համար վերջնական խօսքը։ Երկարատեւ քննարկումներէն վերջ Հայաստեանի խորհրդարանը ձեռնարկեց քուէարկութեան։ 102 պատգամաւոր ներկայ էր խորհրդարանի ժողովին։ Երկու երեսփոխան չմասնակցեցաւ քուէարկութեան։ Մնացեալ 100 երեսփոխանէն 45-ը քուէարկեց Նիկոլ Փաշինեանին ի նպաստ։ 55 երեսփոխան ալ դէմ քուէարկեց իր վարչապետութեան։ Այսպէսով Նիկոլ Փաշինեան չկրցաւ ապահովել խորհրդարանի հաւանութիւնը՝ վարչապետ ընտրուելու համար։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ), որ մեծամասնութիւն ունի խորհրդարանէն ներս, գրեթէ միաձայնութեամբ հանդէս եկաւ։ ՀՀԿ-ի շարքերէն միակ երեսփոխան մը քուէարկեց Նիկոլ Փաշինեանի ի նպաստ։ Հետաքրքրական պարագայ մը յառաջացաւ նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պարագային։ ՀՅԴ-ի խորհրդարանական խմբակը որոշած էր պաշտպանել Փաշինեանի թեկնածութիւնը։ Յամենայնդէպս, ՀՅԴ-ի շարքերէն Աղուան Վարդանեան խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարեց, որ կողմնակից չէ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետ ընտրուելուն ու պիտի քուէարկէ իրեն դէմ։ Քուէարկութենէն անմիջապէս վերջ ՀՅԴ պահանջեց, որ հրաժարի իր շարքերու այլախոհ երեսփոխանը։ Այսպէսով, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մեծամասնութեան տէր ՀՀԿ դիմադրութիւն ցոյց տուած եղաւ Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան դէմ եւ ան չկրցաւ ընտրուիլ վարչապետ։

Խորհրդարանի արտահերթ նիստէն անմիջապէս վերջ Նիկոլ Փաշինեան քալելով մեկնեցաւ Հանրապետութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ իր հերթական հանրահաւաքը։ Ան իր համակիրներուն խօսք ուղղելով ընդհանուր առմամբ ամփոփեց կացութիւնը եւ յայտնեց, որ խորհրդարանի որոշումը որեւէ արժէք չի ներկայացներ։

Հանրահաւաքի ընթացքին Փաշինեան ծովածաւալ բազմութեան կոչ ուղղեց՝ որպէսզի աւելի մեծ թափով շարունակուին քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումները, խաղաղ ձեւով։

Այս հիման վրայ, Երեւանի կեդրոնին այս առաւօտեան կանուխ ժամերու դրութեամբ կեանքը դարձեալ կաթուածահարուած է։ Պետական շէնքերու մուտքերն ալ արգելափակուած են ցուցարարներու կողմէ, զանազան նախարարութիւններու շէնքերու մուտքին մօտեցուած են ինքնաշարժներ։ Մինչ կանխահաս ընտրութիւնները, անխուսափելի կը համարուին Հայաստանի տագնապի լուծման համար, այդ կէտին հասնելու վերաբերեալ հարցականներն ալ կը խտանան երկրի օրակարգին վրայ։

ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ երեկոյեան ժամերուն հետեւեալ պատգամը հրապարակեց՝ Հայաստանի ներքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն բերումով։

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Այսօր Ազգային ժողովի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ընտրութեան հարցով հնարաւոր չեղաւ յանգիլ միասնական որոշման։ Երկրէն ներս իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած եւ մտահոգիչ։

Կը յորդորենք իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան գործել օրինականութեան շրջանակներէ ներս, հարցերու կարգաւորումները գտնել համախոհութեան ու փոխադարձ հասկացողութեան մէջ՝ զերծ պահելով մեր ժողովուրդը բախումնային իրավիճակներէ։

Կոչ կ՚ուղղենք խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններուն՝ բանակցութիւններու միջոցաւ շարունակել ջանքեր գործադրել ստեղծուած կացութեան յաղթահարման համար։

Մեր յորդորն ու խնդրանքն է Մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն՝ պահպանել համերաշխութիւնը, զգօնութիւնը, տեղի չտալ սադրանքներու։ Թոյլ չտանք, որ մեր մօտ գլուխ բարձրացնէ ատելութիւնն ու թշնամանքը, որպէսզի առկայ իրադրութիւնը հանգուցալուծուի ողջմտութեամբ, սիրոյ եւ փոխըմբռնման ոգիով։

Կ՚աղօթենք մեր հայրենիքի խաղաղութեան, Մեր ժողովուրդի ապահով ու անվտանգ կեանքին համար։

Չորեքշաբթի, Մայիս 2, 2018