ԱՐՈՆԵԱՆ 10-ՐԴ՝ ՖԻՏԷ-Ի ԴԱՍԱԿԱՐԳՄԱՆ ՄԷՋ

Հայկական ճատրակի կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան կրկին աշխարհի տասն լաւագոյն ճատրակ խաղացողներու շարքին մէջ դասուած է:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ՖԻՏԷ-ն հրապարակած է մայիս ամսուայ լաւագոյն հարիւր ճատրակ խաղացողներու ցուցակը, ուր Լեւոն Արոնեան տասներորդ դիրքը կը զբաղեցնէ: Դասակարգման աղիւսակի յառաջատարն է աշխարհի ներկայ ախոյեան Մակնուս Կարլսէն:

Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Գաբրիէլ Սարգսեան 59-րդ, Հրանդ Մելքումեան 93-րդ դիրքի վրայ են:

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2019