ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՃԱԶԻ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՄԵՐԳ

Երեւանի մէջ նախընթաց օր ոգեւորութեամբ նշուեցաւ Համաշխարհային ճազի օրը։ Մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ արտակարգ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ այս առթիւ։ Ճազ երաժշտութեան սիրահարները համախմբուեցան Կասկատի հրապարակին վրայ։ Անոնք ըմբոշխնեցին ճազի վարպետներու նուագները։ Ցերեկուան ժամերուն սկսաւ փառատօնի յայտագիրը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ գիշեր։ Եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ նաեւ հրավառութիւն։

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2019