ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀՈՒՆՁՔԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս 2017-0218 կրթական շրջանը կը հասնի իր աւարտին։ Հայոց սփիւռքի այս միակ բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնը բազմակողմանի առաքելութիւնը կը շարունակէ՝ միշտ մնալով նախանձելի դիրքի մը վրայ։ Վերջին օրերուն Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեանի շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Հերթական հունձքը համալսարանէն հրաժեշտ առաւ վկայականներով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ համալսարանին կողմէ թողարկուած հաղորդագրութիւնը։

121 շրջանաւարտներ ստանալով իրենց վկայականները յաղթական կանգնած էին բեմին վրայ ջերմ ծափահարութիւններու տարափին տակ: Ոչինչ կը գերազանցէր անոնց ուրախութեան, երբ տարիներու իրենց ճգնաջան աշխատանքի արդիւնքը ստացած էին: Անոնց ուրախութեան շաղախուած էր նաեւ յուզմունքը հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ստացան իրենց գիտելիքները եւ կերտուեցան որպէս մարդ՝ սորվելով ծառայել, ունենալ ազատ ապրելու կամք ճշմարտութիւն:

Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնը՝ Հայկազեան համալսարանը, շրջանաւարտներու նոր հունձք մը տուաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ, Շաբաթ, 26 Մայիս 2018, երեկոյեան ժամը 7.00-ին, համալսարանի շրջափակին մէջ:

Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էր Լիբանանի Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աունը եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, երեսփոխան վերապատուելի Էտկար Թրապուլսի, Լիբանանի ուժեր կուսակցութիւնը կը ներկայացնէր երեսփոխան Ժան Թալուզեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սա-մուէլ Մկրտչեան, բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ, Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնգապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Եպսկ. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Տ. Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեան, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աւետարանական համայնքի նախագահ վերապատուելի Սելիմ Սահիունի, Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Իլիաս Աուն, Պուրճ Համմուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պողօսեան, Հայկազեան համալսարանի խնամակալութեան ատենապետ Միացեալ Նա-հանգներէն Յասմիկ Պարան, հոգաբարձութեան անդամներ, հայ-կական եւ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:

Շրջանաւարտները դասախօսական կազմին հետ հանդիսաւոր թափօրով մը ուղղուեցան բեմ, որմէ ետք հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վերապատուելի Ուիլպըրթ Վան Սանի բացման աղօթքը:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ, որ մեր տօնական մթնոլորտին հաստատ զարկ կու տան այս շաբաթ նըշ-ւող Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի տօնը, մեր նոր օրերու Հայաստանի Հանրապետութեան օրհնութիւնները եւ խթանման հնարաւորութիւնները: Միաժամանակ, տօնական մեր երթին մէջ գոհունակութեամբ կը յիշենք Ամերիկահայ աւերարանչական ընկերակցութեան հարիւրամեակը, եւ անոր նպաստը մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդին եւ Հայկազեան համալսարանին երկար տարիներ շարունակ: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ամեակները պատմութեան չեն վերաբերիր միայն, հապա նաեւ մեր այսօրուան ու վաղուան յուսալիութեան: Եթէ պատմութիւնը դպրոց է, ամեակները քննութեան պահ են: Եթէ կայ մէկ յաւելեալ խօսք այս երեկոյ այս բեմէն, այդ ալ պիտի ըլլար կոչ մը մեր ամեակներուն առիթով քննելու, թէ վաղուան հայերը ինչպիսի կրթական, մշակութային, հասարակական դարբ-նոցներու մէջ պիտի պատրաստուին, ինչպիսի դարբիններու կողմէ:

Նուիրումով, յոյսով, խանդով լեցուինք, եւ լծուինք անձնուէր գործի՝ շրջանաւարտներ, մեծեր ու պատասխանատուներ, Հայկազեանէն ներս եւ անկէ շատ անդին:

Խօսքի աւարտին ըսաւ. «Յարգելի շրջանաւարտներ, դուք կ՚ապրիք եւ աշխատիք առաքինութիւններով լեցուն սրտով, ես կը հրաւիրեմ ձեզ մտածելու, որ կրթութիւնը ձեզի կը սովորեցնէ սահմանումներու մասին: Յարգանքի արժեւորումը անհրաժեշտ առաքինութիւն է: Յիշեցէք Արարիչը, յիշեցէք արարածները, յիշեցէք ձեր ընտանիքները, համայնքները եւ երկիրը, յիշեցէք, ինչպէս որ ձեզմէ աւելի ուժեղները պէտք ունին ձեր յարգանքնին, այնպէս ալ տկարները եւ ձեզմէ թոյլերը պէտք ունին յարգանքի: Յարգանքի առաքինութիւնը ձեր յաջողութեան բանալին է»:

Օրուան պատգամը տուաւ Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձու, 1973-ի շրջանաւարտ եւ California State համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կեանքը երբեք չի կրնար թշուառ ըլլալ, եթէ կարգապահ ըլլաք, որպէսզի տեսնէք այն պայծառ կողմը եւ այն առաւելութիւնները եւ բարիքները, որոնք դուք ունիք: Յոյսը ամէնուրեք է, եւ դուք պէտք է ձեր աչքերը վեր վերցնէք եւ ձեր շուրջը նայիք:

Ապա խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ հիւր բանախօսը ըսաւ, թէ դուք կը մտածէք այս պահին քննադատաբար, թէ ո՛վ էք դուք: Բայց ի՞նչ է քննադատական ​​մտածողութիւնը: Դուք անընդհատ կը յիշէք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կիրառել հասկացութիւնները, տեսութիւնները, իրավիճակները բացատրել, գտնել պատասխաններ կամ հասնիլ ճշմարտութեան: Այսուհետեւ, մոռցէք ինչ որ ըսուած է ձեզի: Փոխարէնը օգտագործեցէք ձեր միտքը, յայտնի եւ անյայտ ուղղութեամբ, որպէսզի անակնկալ անկիւններէ անիկա ետ վերադառնայ ձեզի, եւ դուք ազատիք հին գաղափարներէ ու հին կառոյցներէ:

Եթէ շարք մը կէտեր ստացած էք միայն կրթական աստիճան ստանալու համար, ապա շատ բան չէք սորված: Բայց ինչ որ սորված էք, եթէ կը գործածէք որպէս պահուած սերմեր, որոնցմով կը կերակրէք անօթիները, կ՚օգնէք նուազ բախտաւորներուն, յոյս կու տաք եւ կը բարձրացնէք ժողովուրդներու ինքնագնահատականը, ապա դուք ճշմարիտ կրթութիւն ստացած էք:

Աւարտին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, տեսուչներ՝ Տքթ. Ֆատի Ասրաուի եւ Տքթ. Արտա Էքմէքճի վկայականներ յանձնեցին շրջանաւարտներուն եւ յուշանուէրներ՝ գերազանց ուսանողներուն:

Շրջանաւարտներու անունով խօսք առաւ ուսանող Սուզանա Սաատատտի: Ան ըսաւ, որ այս համալսարանին մէջ սորվեցանք սէր, համագործակցութիւն, հարազատութիւն, կարգապահութիւն, անկեղծութիւն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ պարտականութիւններու կատարեալ կատարում: Ինչքան ալ զարգանանք ու առաջ երթանք, միշտ պիտի յիշենք անոնք, որոնք պատճառ եղան մեր յաջողութեան եւ մեր ձեռքէն բռնեցին յարատեւելու համար: Անոնց ներկայութիւնը քաջալերեց մեր բոլորը: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսական կազմին, տեսուչներուն եւ ծնողներուն, որոնք ջանք չխնայեցին իրենց յաջողութեան համար:

Ապա խօսք առաւ ուսանող Յակոբ Գարամեան, որ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Եկէք համարձակօրէն սկսինք ճանապարհորդութիւններու, ուր կը ձգտինք յաջողութիւններու եւ դրական փոփոխութիւններու: Կասկած չկայ, որ ապագան շատ մեծ անորոշութիւններ ունի, եւ ճանապարհը լեցուն է խոչընդոտներով: Բայց Հայկազեանի մէջ դժուարութիւններ չկայի՞ն: Մենք պէտք է լաւ անուն ձգենք, ճշմարտութեամբ, ազատութեամբ եւ ծառայութեամբ նուաճենք նոր բարձունքներ եւ բարձրացնենք ուրիշները մեզի հետ:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:

Հայկազեան համալսարանի Առեւտրական վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.

Լորեն Աբրահամեան, Նովա Անթոսեան, Վալանթինա Պապուքճեան, Իզապէլ Պաղիքեան, Կրէյս Պաճանեան, Գրիգոր Պարախեան, Հրակ Յարութ Պարտիզպանեան, Երազ Պասմաճեան, Բալիկ Պերեճիգլեան, Սարին Պոյաճեան, Փաթիլ Պոյամեան, Կարինէ Տիլապազեան, Անի Համալեան, Մեղրի Ճարքեան, Ալին Քէօթէքլեան, Նարեկ Մկրեան, Լէա Ներսէսեան, Նանոր Փափազեան, Նազար Փոլատեան, Մարիամ Դանիէլեան, Անդրանիկ Թէքէլեան, Սերժ Թովմաս Թովմասեան, Ռիթա Սթեֆանի Թովմասեան, Նայիրի Եագուպեան, Արման Սարգիս:

Հայկազեան համալսարանի Առեւտրական վարչագիտութեան մագիստրոսի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները. Նազօ Չոփուրեան, Յովհաննէս Չամչեան

Հայկազեան համալսարանի Ընկերային գիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները. Շանթ Աքուշեան, Գէորգ Պոնթիկեան, Նարեկ Հաննայեան, Նայիրի Քահքէճեան, Նորա Գալանտճեան, Ռաֆֆի Քէլէշեան, Անոյշ Գարմանտայեան, Նաթալի Մարկոսեան, Ճեսիքա Սարգիսեան, Փաթիլ Թելվիսեան

Հայկազեան համալսարանի Մարդկային գիտութեանց պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները. Արամ Քահքէճեան, Յակոբ Ժաք Քարամեան, Քրիստին Մարաշլեան

Հայկազեան համալսարանի Գիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները. Անահիտ Պալթայեան, Ժոաննա Տէր-Պետրոսեան, Արտա Քերպապեան, Աննա Մարիա Մարգարեան, Մարինա Սարեան, Յակոբ Թազեան, Կալին Վեհան Չամիչեան, Շողեր Թորոսեան

Հայկազեան համալսարանի Ընկերային գիտութեան բաժանմունքի մագիստրոսի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները. Ռաքել Քէչէճեան, Նարինէ Գիրգորեան։

Շաբաթ, Յունիս 2, 2018