ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ ՀԵՏՔՈՎ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաւէրով, երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամներուն, ներքին (Հայաստանի) թեմերու առաջնորդներուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պաշտօնավարող սրբազաններու հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Փաշինեանի այցելութիւնը համընկնեցաւ այս շրջանին։ Միեւնոյն ժամանակ, հետաքրքրական զուգադիպութեամբ, երէկ Նիկոլ Փաշինեանի ծննդեան տարեդարձն էր։

Ողջունելով վարչապետի այցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ եւ օրհնութիւններ փոխանցեց Փաշինեանի ծննդեան տարեդարձին կապակցութեամբ՝ մաղթելով Աստուծոյ օգնականութիւնը։ Ապա Նորին Սրբութիւնը վարչապետին ներկայացուց ԳՀԽ-ի անդամներն ու ներկայ հոգեւորականները։ Ան տեղեկութիւններ փոխանցեց ԳՀԽ-ի գործունէութեան եւ նստաշրջանի օրակարգի խնդիրներուն մասին, որոնք կը յուզեն ազգային-եկեղեցական կեանքը։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումը պատշաճ առիթ նկատեց հոգեւորականաց դասուն համար՝ ծանօթանալու ապագային վերաբերեալ իր տեսլականին եւ լուսաբանութիւններ ստանալու ժողովուրդը յուզող զանազան խնդիրներու վերաբերեալ։ Անդրադառնալով վերջին շրջանի Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն՝ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ անոնք հանգուցալուծուեցան խաղաղ գործընթացներով։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը հայցեց Երկնաւորէն, որպէսզի զօրացնէ հայ ժողովուրդը՝ կերտելու խաղաղ եւ բարօր հայրենիք, ապրելու ստեղծագործ ու երջանիկ կեանքով։ Հայոց Հայրապետը հանդիպման ընթացքին Հայաստանի վարչապետին յաջողութիւններ մաղթեց իր պատասխանատու պաշտօնին մէջ։

Այնուհետեւ Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց ներկաները՝ ուրախութիւն յայտնելով հանդիպման հնարաւորութեան համար։ Ան խօսեցաւ Հայաստանէ ներս սիրոյ ու համերաշխութեան կարգախօսի ներքեւ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու մասին։ Վարչապետը կարեւորեց բոլորի ջանքերու համադրութիւնը, որպէսզի ձեւաւորուած այդ մթնոլորտը ըլլայ մշտական իրողութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի մէջ։ Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց ստեղծարար մթնոլորտի ձեւաւորումը, որ պիտի նպաստէ անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան մակարդակի բարձրացման եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման։

Այնուհետեւ վարչապետ Փաշինեան անդրադարձաւ հայոց եկեղեցւոյ կարեւոր առաքելութեան եւ ազգային կեանքէ ներս անուրանալի դերակատարութեան։ Ան խօսեցաւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան մասին։ Փաշինեան ներկայացուց նաեւ դէպի Վրաստան վերջին օրերու իր պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները, նաեւ պատասխանեց եկեղեցականներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի զարգացումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին, Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան եւ սփիւռքին։

Ամփոփելով հանդիպումը՝ Վեհափառ Հայրապետը վերստին իր բարեմաղթանքները ուղղեց Հայաստանի վարչապետին՝ ընդգծելով, որ անկախ պետականութիւնը եղած է հայոց եկեղեցւոյ կողմէ դարերով փայփայւած երազ եւ հայրենիքի հզօրացումը պիտի շարունակէ մնալ եկեղեցւոյ մշտական առաքելութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետի համոզմամբ, իշխանութիւններու, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի համատեղ աշխատանքով հնարաւոր պիտի ըլլայ ստեղծել զօրեղ, յառաջընթացի մէջ գտնուող, իր կեանքի բարօրութիւնը կերտող երկիր մը։

Մինչ այդ, երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ աւարտին հասաւ ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով քառօրեայ նստաշրջանը։ Ժողովներու աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, ուր մանրամասնութիւններ փոխանցուեցան ծաւալուած աշխատանքին շուրջ։ ԳՀԽ-ի նիստերուն ատենապետեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։

Ժողովականները վերահասու դարձան ԳՀԽ-ի կանոնադրութեան լրամշակուած նախագծին։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ կառավարման բարձրագոյն մարմիններու կանոնադրութիւններու մշակման յանձնաժողովի անդամ իրաւաբան Փրոֆ. Գէորգ Դանիէլեան ներկայացուց տարուած աշխատանքը։ ԳՀԽ հաստատեց խմբագրուած փաստաթուղթը եւ յանձնարարեց այդ մէկը ներկայացնել յառաջիկայ Ազգային-եկեղեցական ժողովի վաւերացման։

Խորհուրդի քննարկման ներկայացուեցան Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի քննախոյզ յանձնախումբի եւ օրինականութեան յանձնախումբի աշխատակարգերու նախագծերը։ Զեկուցումներով հանդէս եկան Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան եւ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեան։

Նկատի ունենալով, որ ներկայ 2018 թուականը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հըռ-չակուած է Երիտասարդութեան տարի՝ ժողովականները նկատի ունեցան 4-8 Յուլիս թուականներուն նախատեսուած ձեռնարկները։ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման հոգեւոր պատասխանատու Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան տեղեկութիւններ փոխանցեց մշակուած ծրագրին շուրջ։

Կանանց դպրական աստիճան շնորհելու վերաբերեալ կատարուած ուսումնասիրութիւնը եւ ընթացակարգը ներկայացուց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան դիւանատան Եկեղեցական-ժողովական գրասենեակի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան։ Քննարկումէն յետոյ որոշուեցաւ շարունակել այս նիւթին շուրջ ուսումնասիրութիւնները եւ հարցը ներկայացնել եպիսկոպոսաց ժողովի քննարկման։

Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան ժողովականներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան եւ ամրակայման աշխատանքներու ընթացքին շուրջ։

Տ. Մարկոս Եպսկ. Յովհաննիսեան զեկուցեց Պուլկարիոյ Հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովին մէջ թեմական կանոնադրութեան քննարկման արդիւնքներուն մասին։ Որոշուեցաւ հարցը քննարկել նաեւ թեմի թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին յառաջիկայ այցելութեան ժամանակ։

Հայ Եկեղեցւոյ հայեցակարգի պատրաստման ընթացքին շուրջ զեկուցեց՝ աշխատանքային յանձնախումբի ատենապետ Տ. Աբրահամ Արք. Մկրտչեան։ ԳՀԽ այս կապակցութեամբ իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանի կողմէ կատարուած աշխատանքին համար։

ԳՀԽ անդրադարձ կատարեց Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած ներքին քաղաքական զարգացումներուն։ Իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման նպատակով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ առնուած քայլերուն մասին զեկուցեց Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։

Նիստերու ընթացքին քննութեան առնուեցան եկեղեցական ներքին կեանքին վերաբերեալ խնդիրներ ու կարգապահական հարցեր։

Քառօրեայ նստաշրջանը ամփոփուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով։

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Միւս կողմէ, Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ սկսած է Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդի հերթական գագաթաժողովը։ Զանազան եկեղեցիներէ եւ յարանուանութիւններէ շուրջ 500 ներկայացուցիչներ մասնակցութիւն կը բերեն այս հաւաքին, որ կը կրէ՝ «Դուք իմ վկաները պիտի ըլլաք» խորագիրը։ Հաւաքը պիտի շարունակուի մինչեւ 6 Յունիս։ Եկեղեցիներու Եւրոպական խորհուրդի կառավարման մարմնէն ներս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին պաշտօնապէս կը ներկայացուի Հայաստանի Աստուածաշնչեան ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի կողմէ։

Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին՝ իբրեւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու խորհուրդի անդամ, գագաթաժողովին կը մասնակցի պաշտօնական պատուիրակութիւնով մը, որու կազմին մէջ կը գտնուին հետեւեալ անունները.

Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան (Անգլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան (Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն), Տքթ. Կարէն Նազարեան (Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կլոր սեղանի միջեկեղեցական հիմնադրամի տնօրէն) եւ Տքթ. Խաչիկ Ռաֆֆի Կազէր (աստուածաբան, Գերմանիոյ հայոց թեմ)։

Այս միջեկեղեցական հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան։

Շաբաթ, Յունիս 2, 2018