ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՅՈՒՆԻՍԻ 12-ԻՆ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի հետ բարձր մակարդակի վրայ շփումները պիտի շարունակուին մօտաւոր ապագային։ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Ուաշինկթընը։ Այսպէս, յունիսի 12-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում մը պիտի ունենան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ։ Երկու նախարարները երէկ ալ անպաշտօն զրոյց մը ունեցաւ Քիւշնեւի մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին ալ երկու նախարարները Արլինկթընի մէջ վարած էին խտացեալ բանակցութիւններ, որոնք տեւած էին քանի մը օր։

Ուրբաթ, Յունիս 2, 2023