ՔԻՇՆԵՒԷՆ ՎԵՐՋ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ խտացեալ ջանքերը կը շարունակուին՝ միջազգային գրեթէ բոլոր ազդու դերակատարներու խրախուսանքով։ Ներկայիս միջազգային յարաբերութիւններու ամբողջ դրուածքը կը պայմանաւորուի Մոսկուա-Արեւմուտք առկայ մրցակցութեամբ եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորումն ալ անմասն չի մնար այս իրողութենէն։ Յամենայնդէպս, երկու բեւեռներն ալ կը ջանան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու պարագային շօշափելի լուծումներ ապահովել, անշուշտ, սեփական առաջնահերթութիւններով ու շահերով առաջնորդուելով։

Երէկ, Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հերթական հանդիպումը՝ Եւրոպայի քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի ծիրէն ներս, որ կազմակերպուած էր Մոլտաւիոյ տանտիրութեամբ։ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցան հնգակողմանի բանակցութիւնները, որոնց միացան նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց։ Կողմերու միջեւ արդէն համաձայնութիւն գոյացաւ բանակցութիւններու յաջորդ փուլին շուրջ։ Քիշնեւէն վերջ քննարկումները պիտի ընթանան դարձեալ եռակողմանի ձեւաչափով։ Միշելի միջնորդութեամբ Փաշինեան եւ Ալիեւ մօտաւոր ապագային դարձեալ պիտի տեսակցին Պրիւքսելի մէջ, յուլիսի 21-ին։

Ըստ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներուն, երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային փոխադրութեան ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, գերիներու եւ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական նիւթերու վերաբերեալ հարցեր։

Իր կարգին, Շարլ Միշել ըսաւ. «Հնարաւորութիւն ունեցանք անդրադառնալու այն բոլոր նիւթերուն, որոնք մայիսին քննարկուած էին Պրիւքսելի մէջ։ Այս հանդիպումը շատ լաւ պատրաստութիւն մըն էր յաջորդ հանդիպման համար, որ դարձեալ Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ։ Սա կը նշանակէ, որ մենք ջանասիրաբար կ՚աշխատինք ու մտադիր ենք աշխատիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ բոլոր դրական ջանքերուն։ ԵՄ իր կողմէն ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի օգնէ, աջակցութիւն ցուցաբերէ՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ աւելի մեծ յառաջընթաց արձանագրելու հնարաւորութեան համար։

Քիշնեւի «Միմի» ամրոցի համալիրէն ներս տեղի ունեցան երէկուան բանակցութիւնները։ Առաջին փուլին Միշել, Փաշինեան եւ Ալիեւ 10 վայրկեանով մէկտեղուեցան երեքով, իսկ աւելի վերջ հնգակողմանի ձեւաչափով քննարկումները տեւեցին աւելի քան ժամ մը։ Բանակցութիւններէն վերջ, Փաշինեան երէկուան քննարկումները որակեց՝ ընդհանուր առմամբ օգտակար։

Նիկոլ Փաշինեան երէկուան բանակցութիւններուն կապակցութեամբ Քիշնեւի մէջ հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ ըրաւ խորհրդածութիւններ։ Ան նաեւ հարցազրոյց մը տուաւ «CNN Prima News» հեռուստակայանին։ Այսպէս, վարչապետը համոզուած է, թէ ըստ Ատրպէյճանի՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերը ընդհանրապէս պէտք չէ ապրին։ Անդրադառնալով Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ հարցին՝ վարչապետը ըսաւ. «Ես կը մտածեմ, որ պէտք չէ մտածել, թէ ո՛վ պիտի երաշխաւորէ մեր անվտանգութիւնը, այլ պէտք է մտածել, թէ ի՛նչը պիտի երաշխաւորէ մեր անվտանգութիւնը։ Եթէ խօսքը ովի մասին է, ապա ան միշտ ալ կրնայ փոխուիլ եւ իր կամքը մեր կառավարելիութեան տիրոյթին մէջ չէ։ Իսկ ինչը՝ խաղաղութիւնը կրնայ ապահովել մեր անվտանգութիւնը։ Եւ մենք պէտք է ունենանք, կառուցենք այնպիսի խաղաղութիւն մը, որ պիտի ըլլայ մեր կառավարելիութեան տիրոյթին մէջ։ Սա իրականութեան մէջ շատ բարդ խնդիր մըն է։ Որեւէ երաշխիք չկայ, թէ մենք այդ խնդիրը պիտի կարողանանք պատշաճ ձեւով լուծել, բայց կայ իրական հնարաւորութիւն»։ Ան աւելցուց, որ որպէս վարչապետ՝ կը փափաքի հասնիլ արդիւնքի մը, որով ապագայ սերունդներուն պիտի թողու Հայաստանի Հանրապետութեան լրացուած ու ամբողջական կալուածաթուղթ մը։

ՓԱՐԻԶԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Երէկուան բանակցութիւններէն վերջ Փարիզի ղեկավարութիւնը հրապարակեց մանրամասնութիւններ։ Էլիզէի պալատի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ երաշխիքներու սահմանումը։ Մաքրոն շեշտած է թշնամական հռետորաբանութեան չտրուելու եւ խաղաղութեան վերադարձի ուղղութեամբ ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը՝ ի շահ տարածաշրջանի ողջ բնակչութեան։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Ուաշինկթընն ալ Քիշնեւի երէկուան բանակցութիւններուն զուգահեռ յայտարարեց, որ Երեւան-Պաքու բաց երկխօսութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ յառաջընթացի համար։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ ոգեւորուած է կողմերու բանակցութիւններուն շարունակական ներգրաւուածութեամբ եւ յառաջընթացով, որ գոյութիւն ունի խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններուն համար։ Ամերիկեան կողմը երկխօսութիւնը կը կարեւորէ՝ հեռանկարներու լիարժէք ըմբռնման առումով։ «Պիտի շարունակենք խրախուսել երկխօսութիւնը եւ աջակցիլ կողմերուն, երբ անոնք կ՚աշխատին արժանապատիւ ու երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար», յայտնած են ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրները։

Ուրբաթ, Յունիս 2, 2023