ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵՄ-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ մասնակցեցաւ տեսաժողովի մը, որ կազմակերպուած էր Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն համար։ Նախարարական այս տեսաժողովին ներկայ էր նաեւ Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվէր Վարհէ։ Մասնակիցները հանգամանօրէն կարծիքներ փոխանակեցին Արեւելեան գործընկերութեան 2020 թուականին յաջորդելիք օրակարգի հինգ երկարաժամկէտ նպատակներուն շուրջ։ Անոնք կանգ առին նաեւ այն աշխատանքներուն վրայ, որոնք պիտի իրականացուին՝ յաջորդ տարուայ մարտին նախատեսուած լիարժէք գագաթաժողովին ընդառաջ։

Զօհրապ Մնացականեան տեսաժողովի ընթացքին առանձնացուց հինգ երկարաժամկէտ նպատակներ, որոնց պարագային Հայաստանի կառավարութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան առաջնահերթութիւնները կը համընկնին։ Այդ հինգ նպատակներն են՝ տոկուն, կայուն եւ համարկուած տնտեսութիւնները, հաշուետու կառոյցները, իրաւունքի գերակայութիւնը, անվտանգութիւնը, տոկուն, արդար եւ ներառական հասարակութիւնները, ինչպէս նաեւ թուային փոխակերպումն ու բնապահպանական տոկունութիւնը։ Այս բոլորի լոյսին տակ ան ըսաւ.

«Մենք ունինք Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, որ Եւրոմիութեան հետ մեր համագործակցութեան հիմքը կը հանդիսանայ։ Ան բաւական ընդգրկուն է, ունի ոլորտային համագործակցութեան, ազատութեան, արդարադատութեան վերաբերեալ մասեր, որոնք կը ներառնեն վերոյիշեալ հինգ նպատակները։ Կը կարծեմ՝ Արեւելեան գործընկերութիւնը եղած է ու կը մնայ համագործակցութեան շատ կարեւոր հարթակ մը՝ ուժեղացնելու երկիրներու ծրագրերը եւ առաջնահերթութիւնները։ Ուստի, քննարկումները առաւել պէտք է կեդրոնանան այս մարտահրաւէրներու շեշտադրման վրայ։ Սա հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ ամրապնդելու մեր ազգային առաջնահերթութիւններու հասցէագրման ուղղեալ ջանքերը եւ ուրուագծելու համագործակցութեան առաւելութիւնները։ Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ ըլլալ Հայաստանի համար շատ կարեւոր գործընկեր բոլոր ոլորտներէ ներս, որոնք ուրուագծուած են Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրով եւ մեր բարեփոխումներու եւ զարգացման ծրագրով»։

Արեւելեան գործընկերութեան համատեսքէն ներս տարբերակման սկզբունքը լաւագոյնս օգտագործելու առումով Մնացականեան ընդգծեց, որ տարբերակումը պէտք է զուգակցուի ներառականութեամբ եւ սա մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2020