ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԵՌԱՎԱՐ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսաքոնֆերանսի մը մասնակցեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ 2017 թուականէն ի վեր երեք նախագահները անմիջական կապի մէջ են Սուրիոյ հարցի կապակցութեամբ։ Որպէս Աստանայի գործընթացի երաշխաւոր երկիրներու ղեկավարները՝ անոնք ցարդ հանդիպած են հինգ անգամ։ Անցեալ մարտին Թեհրանի մէջ նախատեսուած էր 6-րդ հանդիպումը, որ ակամայ յետաձգուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով։

Ուրեմն երէկ Անգարա-Մոսկուա-Թեհրան առանցքին վրայ Սուրիոյ տագնապին շուրջ բանակցութիւնները շարունակուեցան ամենաբարձր մակարդակով։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, հեռավար գագաթաժողովի օրակարգին վրայ կը գտնուէին շատ մը նուրբ հարցեր. ինչպէս՝ Իտլիպի իրադարձութիւնները, գաղթականաց խնդիրը, Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման աշխատանքները, անվտանգ գօտիները եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ առնուելիք քայլերը։

Երէկուան առցանց գագաթաժողովի ընթացքին Էրտողան ըսաւ. «Պիտի շարունակենք մեր կարելին ընել, որպէսզի Սուրիոյ մէջ կայունութիւնը վերահաստատուի»։ Կը հաղորդուի, որ գագաթաժողովի ընթացքին կատարուած քննարկումները ընթացան լուծման հեռանկարներու առանցքին շուրջ։ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ վարչախումբին դէմ սահմանուած պատժամիջոցները ապօրինի կը համարուին։

Հեռավար գագաթաժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ նաեւ եռակողմանի համատեղ յայտարարութիւն մը։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ այս երեք երկիրները թափ պիտի տան իրենց քայլերու համաժամանակութեան։

Գագաթաժողովի ընթացքին Էրտողանի կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան անոնք անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ համագործակցութեան։ Բաց աստի, Էրտողան եւ Մերքէլ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Սուրիոյ եւ Լիպիոյ կացութեան, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 2, 2020