ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Գերմանիոյ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարար Սվենիա Շուլցէ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեան բանակցութիւններ վարեց Սվենիա Շուլցէի հետ՝ մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ մէկտեղուեցաւ գերմանացի նախարարին հետ։

Քերովբեան եւ Շուլցէ Երեւանի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ հիւր նախարարը յայտնեց, որ իր երկիրը մտադիր է աջակցիլ Հայաստանին՝ գերմանական հաւանական ներդրումներու համար նախադրեալներ ստեղծելու ուղղութեամբ։

Քերովբեանն ալ տեղեկացուց, որ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են արդիւնաբերութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։

Փաշինեանի մօտ հանդիպման ընթացքին մատնանշուեցաւ, որ Հայաստանի ներդրումային միջավայրը կրնայ հետաքրքրական ըլլալ գերմանական գործարարութեան տեսակէտէ։ Սվենիա Շուլցէի խօսքով՝ Գերմանիա հետամուտ է յաւակնոտ ծրագրերու եւ բարեփոխումներու ճանապարհին Հայաստանին օգնելու։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022