ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՔԱՅԼԵՐ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս առաջին անգամ շօշափելի քայլերու մասին յայտարարութիւններ կատարուեցան երէկ, երբ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցան երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ դեսպան Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի բանակցութիւնները։ Սա յատուկ ներկայացուցիչներու արդէն չորրորդ ժամադրութիւնն էր տարեմուտէն ի վեր։ Այս հանդիպումը էապէս տարբերուեցաւ նախորդներէն։ Նա՛խ առաջին անգամ պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ լուսանկար մը, որ բանակցութիւններէն դրուագ մը կը ցոլացնէր։ Մինչեւ այսօր Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան երբեք չէին նկարահանուած բանակցային սեղանի շուրջ։ Ուրեմն, երէկ հրապարակուած դրուագին մէջ դեսպան Սերտար Քըլըչ կ՚երեւէր Արտաքին գործոց նախարարութենէն երկու պաշտօնատարին հետ, որոնցմէ մին էր Այշէ Ուզէր։ Ռուբէն Ռուբինեանի կողքին էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի խորհրդականներէն Վահան Կոստանեան, որ մօտաւոր անցեալին մասնակցած էր Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին, նաեւ Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Արսէն Աւագեան, որ երկար տարիներ պաշտօնավարած էր Թուրքիոյ մէջ։

Բանակցութիւններու սկիզբին նկատելի դարձած այս իրադարձութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ բանակցութիւններու աւարտին հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Անգարայէն եւ Երեւանէն նոյնաժամանակ ու նոյնաբովանդակ յայտարարութիւններ կատարուեցան։ Երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ հրապարակուած զեկոյցներուն մէջ առաջին անգամ շօշափելի քայլերու մասին խօսք գնաց։

Թուրքիա եւ Հայաստան համաձայնած են, որպէսզի ցամաքային սահմանը հնարաւորինս սեղմ ժամկէտի մէջ բացուի երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար, որոնք կ՚այցելեն այս երկու երկիրները։ Որոշուած է սկիզբ տալ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ գործընթացին։ Համաձայնութիւն գոյացած է նաեւ, որպէսզի հնարաւորինս սեղմ ժամկէտի մէջ երկու երկիրներու միջեւ սկսի օդային ուղղակի բեռնափոխադրութիւն։ Որոշուած է նաեւ, այս նպատակին ուղղութեամբ ալ անհրաժեշտ գործընթացին սկիզբ դնել։

Յատուկ ներկայացուցիչները երէկ միեւնոյն ժամանակ անդրադարձած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ամբողջական բնականոնացման ապահովման ուղղութեամբ հաւանական այլ շօշափելի քայլերու։ Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ամբողջական բնականոնացումը գործընթացի վերջնական նպատակն է։ Կողմերը վերահաստատած են իրենց համաձայնութիւնը՝ բնականոնացման գործընթացը  առանց նախապայմանի տեւականացնելու ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022