ԵԱԿԼԱՆՏ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱՆԳԱՐԱ

Եւ­րո­խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Թոր­պիոն Եակ­լանտ վա­ղը շփում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Եակ­լանտ պի­տի ըն­դու­նուի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ։ Բաց աս­տի, նա­խա­տե­սուած են իր հան­դի­պում­նե­րը Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի, Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Պե­քիր Պոզ­տա­ղի, ինչ­պէս նաեւ ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016