Ջրային Պաշարներու ՊահպանութԻՒՆԸ

«Քո­քա-քո­լա հել­լէ­նիկ Ար­մէ­նիա» ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հա­մա­տե­ղեն ի­րենց ու­ժե­րը Ա­րա­րա­տեան դաշ­տին մէջ ջրա­յին պա­շար­նե­րու պահ­պան­ման հա­մար:

Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը, «Քո­քա-քո­լա Հել­լէ­նիկ պո­թը­լինկ քամփ­նի Ար­մէ­նիա» ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ Հա­յաս­տա­նի Բնա­պահ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ստո­րագ­րած են փո­խըմբռն­ման յու­շա­գիր, ո­րուն նպա­տակն է բա­րե­լա­ւել ջրա­յին պա­շար­նե­րու կա­ռա­վա­րու­մը Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս նպաս­տե­լով Ա­րա­րա­տեան դաշ­տին մէջ այդ պա­շար­նե­րու պահ­պան­ման, ար­դիւ­նա­ւէտ օգ­տա­գործ­ման եւ կա­ռա­վար­ման: Ծրագ­րին նպա­տակն է սահ­մա­նա­փա­կել Ա­րա­րա­տեան դաշ­տին մէջ ստոր­գետ­նեայ ջու­րե­րու օգ­տա­գործ­ման տա­րո­ղու­թիւ­նը՝ զայն կա­յուն մա­կար­դա­կի հասց­նե­լով եւ ա­ջակ­ցե­լով հա­մայն­քի ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան զար­գաց­ման:

Այս ա­ռի­թով ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ Հա­յաս­տա­նի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ռի­չըրտ Միլս ը­սած է, որ այս­պի­սի մեծ հար­ցե­րու լուծ­ման հա­մար շատ կա­րե­ւոր են հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնն ու գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը,  նշե­լով, որ տա­րի­ներ շա­րու­նակ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը սեր­տօ­րէն գոր­ծակ­ցած է Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ու միւս գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ՝ Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի ջրա­յին պա­շար­նե­րու օգ­տա­գործ­ման եւ ե­րաշ­խա­ւոր­ման հա­մա­կար­գուած մօ­տե­ցում­նե­րուն շուրջ:

Ստոր­գետ­նեայ ջրա­յին պա­շար­նե­րու նուա­զող մա­կար­դա­կը եւ ձկնա­բու­ծա­րան­նե­րուն կող­մէ ա­նոնց ան­վե­րահս­կե­լի օգ­տա­գոր­ծու­մը ա­ռանց ըմ­պե­լի եւ ո­ռոգ­ման ջու­րի կա­յուն մա­տա­կա­րար­ման ձգած են Ա­րա­րա­տի եւ Ար­մա­ւի­րի մար­զե­րու շուրջ ե­րե­սուն շրջան:

2016-ին Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան եւ «Քո­քա-քո­լա հել­լէ­նիկ Ար­մէ­նիա» ըն­կե­րու­թեան միա­ցեալ ու­ժե­րով պի­տի վե­րա­կա­ռու­ցուի Հա­յա­նիստ հա­մայն­քի ո­ռոգ­ման հա­մա­կար­գը՝ վե­րա­կանգ­նե­լով ա­ւե­լի քան 40 հեկ­տար գիւ­ղատն­տե­սա­կան նշա­նա­կու­թեան հո­ղե­րու ջրա­մա­տա­կա­րա­րու­մը: Յա­ջորդ հանգ­րուա­նով քսան ձկնա­բու­ծա­րան­նե­րու մէջ վե­րահսկ­ման եւ տուեալ­նե­րու ձեռք­բեր­ման (SCADA) հա­մա­կար­գեր պի­տի տե­ղադ­րուին, ծրագ­րի ծի­րին մէջ պի­տի նե­րա­ռուի ստոր­գետ­նեայ ջրա­յին պա­շար­նե­րու պա­կաս ու­նե­ցող ա­ւե­լի մեծ տա­րածք:

«Քո­քա-քո­լա հել­լէ­նիկ Ար­մէ­նիա» ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէն Սա­յէո­րա Ա­յու­պո­վա ընդգ­ծած է յու­շա­գի­րին կա­րե­ւո­րու­թիւնն ու երկ­րի ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան զար­գաց­ման նպաս­տող դրա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը: «Ջրա­յին պա­շար­նե­րու կա­ռա­վա­րումն ու հա­մայն­քա­յին զար­գա­ցու­մը մեր ըն­կե­րու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցա­կան-ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն են», ը­սած է ան:

Բարձր գնա­հա­տե­լով Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան ցու­ցա­բե­րած ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ող­ջու­նե­լով «Քո­քա-քո­լա հել­լէ­նիկ Ար­մէ­նիա»ի որ­դեգ­րած հա­մա­գոր­ծակ­ցա­կան-ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նի ջրա­յին պա­շար­նե­րու ար­դիւ­նա­ւէտ կա­ռա­վար­ման գոր­ծու­նէու­թեան ներդր­ման հար­ցին մէջ՝ Հա­յաս­տա­նի Բնա­պահ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Սի­մոն Պա­պեան ը­սած է. «Ի­րա­կա­նա­ցուող ծրա­գի­րը հա­մա­հունչ է Հա­յաս­տա­նի որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան: Գի­տա­կան յա­ռա­ջա­դէմ ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու կի­րա­ռու­մը պա­շար­նե­րու հա­մա­լիր պահ­պա­նու­թեան նպա­տա­կով էա­պէս պի­տի նպաս­տէ Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի ստոր­գետ­նեայ ջրա­յին պա­շար­նե­րու պահ­պա­նու­թեան, ար­դիւ­նա­ւէտ ու խնա­յո­ղա­բար կա­ռա­վար­ման եւ զայն կա­յուն մա­կար­դա­կի հասց­նե­լու մեր ջան­քե­րուն»:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016