ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԿԱՐԳ

Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներու առօրեան դիւրացնելու առաջադրութեամբ հաստատուած է նոր կարգ մը։ «Երեւան քարտ» անուան տակ մշակուած դրութեան շնորհիւ երկիրը եզակի դիրք մը կը ստանայ տարածքաշրջանէն ներս։ Շնորհիւ «Երեւան քարտ»ի զբօսաշրջիկները կրնան Հայաստան այցելելէ առաջ օգտուիլ զանազան կազմակերպչական հնարաւորութիւններէ իրենց կեցութեան օրերը դիւրացնելիք ծառայութիւններէ՝ այդ մէկը գնելով Հայաստան ժամանելէ առաջ։

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ վերջերս կազմակերպուած հան-դիսաւոր հաւաքոյթով մը ծանօթացուեցաւ «Երեւան քարտ»ը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շնորհիւ այս մէկուն, Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկ մը պիտի կարենայ մուտք գործել քաղաքի աւելի քան քառասուն թանգարանները, ժամանցի վայրեր, պիտի կարենայ մասնակցիլ շրջապտոյտներու, «Զուարթնոց» օդակայանէն ինքնաշարժով տեղափոխուիլ իր ուզած վայրը կամ անվճար երթեւեկել մեթրոյով եւ ի լրումն այս բոլորին՝ զգալի զեղչեր ստանալ աւելի քան 150 գործընկեր կազմակերպութիւններէ։

«Երեւան քարտ»ի ծանօթացման հաւաքոյթին ընթացքին ծրագրի ղեկավար Արմէն Պաղտակուլեան ըսաւ. «Այս ծրագիրը ստեղծուած է հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը եւ զբօսաշրջութեան ոլորտէ ներս հետաքրքրութիւն ներկայացնող վայրերը առաւել մատչելի դարձնելու համար։ Ան ելեկտրոնային միասնական ծրար մըն է, որու միջոցաւ զբօսաշրջիկը մինչեւ Երեւան գալը կրնայ մեծ տեղեկութիւն ստանալ քաղաքի մասին։ Զբօսաշրջիկը կրնայ առցանց գնել ծրարը եւ օգտուիլ անոր բոլոր հնարաւորութիւններէն»։

Հաւաքոյթի ընթացքին Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Արեւ Սամուէլեան ընդգծեց, որ այս դրութիւնը հաստատուած ու շրջանառութեան մէջ դրուած է երկարատեւ աշխատանքէ վերջ։ «Ծրագրի սկիզբէն մինչեւ իրականացումը անցած է շուրջ երկու տարի. կատարուած են ուսումնասիրութիւններ, հաշուի առնուած են միջազգային շուկայի առաջարկներն ու պահանջները։ Այս ծրագիրը տարածքաշրջանէն ներս կ՚իրականացուի առաջին անգամ, բայց այդ մէկը մեծ յաջողութեամբ կը գործէ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ։ Կը կարծեմ, թէ սա պիտի նպաստէ մեր մշակոյթի ճանաչելի դառնալուն», ըսաւ փոխ-նախարարը։

«Երեւան քարտ»ը բարձրակարգ ծառայութիւններու ծրար մըն է, որ զբօսաշրջիկին համար կ՚ապահովէ բարձր մակարդակով տեղեկատուութիւն, համակողմանիօրէն կը ներկայացնէ մայրաքաղաքի պատմամշակութային ժառանգութիւնը եւ զբօսաշրջութեան առումով հետաքրքրական միւս վայրերը, հնարաւորութիւն կու տայ ինքնուրոյն կազմակերպել շրջագայութիւնը։ Միասնական ծրարին մէջ զետեղուած են զբօսաշրջիկին համար անհրաժեշտ քանի մը ծառայութիւններ եւ ուղղորդող տուեալներ՝ քարտէսներ, ուղեցոյցներ։ Զբօսաշրջութեան գետնի վրայ երկրէն ներս նոր մշակոյթ մը ստեղծելով՝ «Երեւան քարտ»ը միտուած է օգնել զբօսաշրջիկին։

Այս նորահաստատ դրութեան մէջ կը համագործակցին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը, Երեւանի քաղաքապետարանը, Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն եւ «ԻՔՈՄ-ի հայկական թանգարաններու ազգային կոմիտէ»ն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2017