ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆԻ ԺՈՂՈՎ

Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր հերթական ժողովը։ Նկատի ունենալով, որ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը մասնակցէր Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերին՝ Իպրահիմ Քալընի եւ փոքրամասնութիւններու առաջնորդներու հանդիպման՝ Խորհրդակցական մարմնի ժողովը այս անգամ տեղի ունեցաւ առանց իր նախագահութեան։ Նորին սրբազնութիւնը այդ հաւաքոյթէ վերադարձին, բաւական ուշ միացաւ Խորհրդակցական մարմնի անդամներուն, որոնց մանրամասնութիւններ փոխանցեց իր մասնակցած հանդիպման շուրջ։ (Այս մասին կարդալ յարակից սիւնակներուն մէջ)։ Բաց աստի, ան ալ իր հերթին ժողովականներէն տեղեկութիւններ քաղեց երէկ ծաւալուած աշխատանքին առընչութեամբ։

ՀԱՅՃԱՐ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը երէկ հիւրընկալեց ՀԱՅՃԱՐ-էն երկու ներկայացուցիչներ՝ Գէորգ Էօզգարակէօզն ու Լեռնա Իւշենմէզը։ Այս առթիւ անոնք փոխանցեցին բազմաբնոյթ բացատրութիւններ։ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Լեռնա Իւշենմէզ առաջին հերթին անդրադարձան Պատրիարքարանի շէնքի պարագային ձեռնարկուած նորոգութեան աշխատանքներուն։ Մասնագիտական, թեքնիկ ու նիւթական երեսակներով անոնք արտայայտեցին իրենց դիտարկումները։

Բաց աստի, ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչները խօսեցան այս կազմակերպութեան ծով փորձառութեան շուրջ՝ Անատոլուի երբեմնի կամ այժմու հայկական սրբատեղիներու հարցերուն առընչութեամբ։ Արդարեւ, ընթացակարգային իմաստով գրեթէ յար եւ նման են պարագաները՝ գաւառի մեր այժմու եկեղեցիներու կամ մեր համայնքին ձեռքէն գացած երբեմնի աղօթատուներու պարագային։ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ Լեռնա Իւշենմէզ ընդգծեցին, որ ՀԱՅՃԱՐ միշտ պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ իր աջակցութիւնը բերելու եւ ծրագրերուն ալ զօրակցելու իմաստով։ ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչները շեշտեցին նաեւ, որ անկախ տուեալ ժամանակաշրջանի վարչութեան կազմէն՝ կառոյցը սկզբունքօրէն միշտ պատրաստակամ է Պատրիարքական Աթոռի խնդրանքներուն ընդառաջելու։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

 Բաց աստի, Խորհրդակցական մարմնի անդամները երէկ հիւրընկալեցին Պատրիարքարանի երիտասարդաց նորաստեղծ յանձնախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Արի Չոլաքի։ Շուրջ քսան երիտասարդներէ բաղկացեալ այս կազմը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ աշխատանքի իր պատկերացումներուն եւ յառաջիկային առնուելիք քայլերուն շուրջ։ Երիտասարդները այդ բոլորը ներկայացուցին գրքոյկի մը ձեւաչափով։ Անոնք փափաք յայտնեցին ժողովի ամբողջ տեւողութեան սկզբունքօրէն խօսիլ հայերէնով։ Լեզուի զգայնութիւն արտայայտելու առընթեր, երիտասարդները շեշտեցին, որ մեծապէս կը կարեւորեն եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը մեր իրականութենէն ներս։

Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամներու մեկնումէն վերջ Խորհրդակցական մարմնի անդամները ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին անոնց կողմէ ներկայացուած ծրագիրը։ Առաջին տպաւորութեամբ նորաստեղծ յանձնախումբին կողմէ առնուած սկզբնական քայլերը Խորհրդակցական մարմնի անդամներուն կողմէ բարձր գնահատուեցան։

Այդ քննարկումները հազիւ վերջացած էին, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ միացաւ ժողովականներուն։ Այսպէսով Խորհրդակցական մարմինը աւարտեց երէկուան աշխատանքը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 2, 2018