ՎԵՐԱԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդները երէկ հիւրընկալուեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալընի կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներն ու աշխարհական հիմնական վարիչները նախընթաց օր հրապարակած էին համատեղ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ հերքած էին վերջերս շրջանառութեան մէջ մտած պնդումները, ըստ որոնց փոքրամասնութիւնները ճնշումներու կ՚ենթարկուին Թուրքիոյ մէջ։ Սոյն հասարակաց յայտարարութեան հրապարակումէն օր մը վերջ այդ յայտարարութիւնը ստորագրած հոգեւոր ու աշխարհական վարիչները գրեթէ նոյն կազմով մէկտեղուեցան Իպրահիմ Քալընի հետ։ Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի պաշտօնական ընդունարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Իպրահիմ Քալըն ճաշասեղանի շուրջ հիւրընկալեց փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները։ Շուրջ չորս ժամ տեւեց հանդիպումը, որու ընթացքին Քալըն թէ՛ շնորհակալութիւն յայտնեց փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան համար եւ թէ ուշադրութեամբ լսեց իւրաքանչիւր համայնքի առկայ խնդիրները։ Ներկայ էին նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ եւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի։ Երէկուան հաւաքոյթը, միեւնոյն ժամանակ, առիթ մը հանդիսացաւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու առկայ խնդիրները վերաբանաձեւելու տեսակէտէ։ Յատկանշական հանգամանքներէն մին ալ այն է, որ 24 յունիսի ընտրութիւններուն յաջորդած մթնոլորտին մէջ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները առաջին անգամ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը հետ մէկտեղուելու հնարաւորութիւնը ունեցան՝ այդ ալ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի աշխատակազմի յառաջատար դէմքերէն մէկուն հետ։

Երէկուան հանդիպման մասնակիցներու շարքին էին՝ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. տիեզերական պատրիարքը, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հրէից րաբունապետ ռաւ Իսհաք Հալեւա, Ասորիներու պատրիարքական փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Քաղդէական համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Ֆրանսուա Եաքան, Ասորի կաթոլիկներու պատրիարքական փոխանորդ քորեպիսկոպոս Օրհան Չանլը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, հրեայ համայնքի նախագահ Իսհաք Իպրահիմզատեհ, Յունական վաքըֆներու միութեան նախագահ Անտոն Փարիզիանոս, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, Պէյօղլուի Ս. Աստուածածին ասորի եկեղեցւոյ վարչական խորհուրդի նախագահ Սաիտ Սուսին, Քաղդէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարչութեան նախագահ Թէոման Էօնտէր, Պուլկար օրթոտոքս եկեղեցւոյ առաջնորդարանի ղեկավար Վասիլ Լիվածէ եւ այլ դէմքեր։

Այս առթիւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու օրակարգի վրայ բերին թրքահայութեան առկայ հրատապ խնդիրները։ Որպէս գաւազանակիր նորին սրբազնութեան ուղեկցեցաւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Պատրիարքարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն հանդիպման ընթացքին նշեց, որ մեր երկրին վերագրուած անհիմն պնդումներուն դէմ կատարուած համատեղ հերքումը ինքնին ապացոյց մը կը համարուի կրօնի ազատութեան տեսակէտէ։

Մօտաւորապէս չորս ժամ տեւած հանդիպումէն վերջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերադարձաւ Պատրիարքարան։ Նկատի ունենալով, որ երէկ Խորհրդակցական մարմնի հերթական ժողովի օրն էր՝ ընդհանուր փոխանորդը Պատրիարքարան վերադարձին Իպրահիմ Քալընի հետ տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւններուն շուրջ տեղեկութիւններ փոխանցեց Խորհրդակցական մարմնի անդամներուն։ Ան նշեց, որ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած էր հանդիպումը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ շուրջ 23 հոգիի մասնակցութեամբ կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին մատնանշուեցան թէ՛ յատկապէս մեր համայնքի եւ թէ ընդհանրապէս ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու խնդիրները։ Ընդգծուեցաւ, որ թէեւ 2002 թուականէն ի վեր երկրի փոքրամասնութիւնները ունեցած են անանտեսելի ձեռքբերումներ, սակայն անոնք տակաւին ունին լուրջ խնդիրներ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատնանշեց, որ Պատրիարքական Աթոռի կարգավիճակը, առկախեալ ընտրութիւններուն խնդիրը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքը եւ այլ բազում խնդիրներ արծարծուած են թէ՛ իր եւ թէ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Պատրիարքարանի եւ մեր համայնքի պաշտօնական կարգավիճակին զուրկ ըլլալու խնդիրը կ՚ունենայ սուր դրսեւորումներ։ Նորին սրբազնութիւնը դիտել տուած է, որ այս խնդիրը մանրամասնօրէն Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի նկատառման յանձնուած է՝ որպէս վարչապետ պաշտօնավարած շրջանէն սկսեալ։ Նորին սրբազնութիւնը բացատրած է, որ իրաւական կարգավիճակէ զուրկ ըլլալու հետեւանքով Պատրիարքական Աթոռը չի կրնար կալուածներ ձեռք բերել եւ հասոյթ ունենալ։ Առկայ պայմաններուն մէջ Աթոռը կը դիմագրաւէ նիւթական լուրջ դժուարութիւններ։ Պետութեան տեսակէտէ ի՞նչ անպատեհութիւն կրնայ ունենալ մեր Պատրիարքարանի եւ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր կեդրոններու պաշտօնական կարգավիճակ ունենալը եւ կալուածներ ձեռք բերելը։ Այս հարցման տրամաբանութեան լոյսին տակ նորին սրբազնութիւնը նշած է, որ պետութիւնը պէտք է կա՛մ կալուած ձեռք բերելու հնարաւորութիւն ընձեռէ եւ կամ պիւտճէի բացերը ինքը պէտք է դիմագրաւէ։ Այս ծիրին մէջ նորին սրբազնութիւնը խօսած է «Յովակիմ 1461» վաքըֆի հիմնադրութեան նախաձեռնութեան եւ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին՝ որպէս հատուցում փոխանցուած գումարներուն շուրջ։ Ան ընդգծած է, որ համայնքներու կարգավիճակի խնդիրն ալ կը համարուի հրատապ, որովհետեւ զանազան համայնքային վաքըֆներու վարչայիններ թէեւ պետական ընթացակարգերու տեսակէտէ թերացումներ չեն ունենար, սակայն համայնքի ներքին ներդաշնակութիւնը կը խանգարեն, համայնքապատկան կալուածներ կը վաճառեն, սակայն Պատրիարքական Աթոռը հնարաւորութիւն չ՚ունենար միջամտելու։

Հանդիպման ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նշած է նաեւ, որ պետութեան կողմէ սեփականութեան իրաւունքը մեր համայնքին վերադարձուած շարք մը կալուածներու պարագային եւս կը յառաջանան շարք մը լուրջ խնդիրներ, որոնք հետզհետէ հրատապ բնոյթ կը ստանան։ Արդարեւ, կարգ մը կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը կը վերադարձուի համայնքին, սակայն յաջորդ քայլափոխին նախարարութիւն մը կամ քաղաքապետութիւն մը ետ կը պահանջէ այդ կալուածը կամ տարածքը։ Ուստի, ընդհանուր փոխանորդը շեշտած է նաեւ այս հակասական երեւոյթի յաղթահարման անհրաժեշտութիւնը։

ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Միւս կողմէ, տեղական մամուլէն լրատուամիջոցներ արձագանգ հանդիսացան երէկուան հանդիպման։ «Հիւրրիյէթ»ի հաղորդումներով, Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ նախընթաց օրուան համատեղ յայտարարութեան բերումով փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն փոխանցած է Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի շնորհակալութիւնը։ «Իրենց հերթին անոնք ալ փոխանցեցին շնորհակալութիւններ ու ողջոյններ։ Թուրքիոյ դէմ տեղ-տեղ Ամերիկայի կամ Եւրոպայի մէջ, էվանժելիստ խմբաւորումներու կամ այլ ցանցերէ ներս կատարուած հակաքարոզչութիւններուն դէմ տրուելիք լաւագոյն պատասխանն է այս մէկը։ Կը յուսամ, թէ իրենց աչքերն ու ականջները չեն փակեր այս պատգամին», ըսաւ Քալըն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 2, 2018