ՄՈՍԿՈՒԱ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Մոսկուայի ղեկավարութիւնը  անհանգստութիւն յայտնեց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ իրադրութեան սրման կապակցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տեղի ունեցան բախումներ։ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս բոլորին կապակցութեամբ երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Մենք իսկապէս անհանգստացած ենք հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրադրութեան սրման կապակցութեամբ. այս պատճառով հայ զինուոր մը սպաննուած է, կան երկու կողմերէն վիրաւորներ։ Լարուածութեան աճը կը հակասէ հրադադարի դրութիւնը պահպանելու շուրջ վերջերս գոյացած համաձայնութիւններուն եւ քաղաքական ճանապարհով կարգաւորման հասնելու յայտարարուած մտադրութիւններուն։ Մեր մեկնակէտն է, որ լարուածութեան յետագայ մագլցումը անթոյլատրելի է։ Կոչ կ՚ուղղենք դիմակայութեան մասնակիցներուն՝ ցուցաբերել զսպուածութիւն, հրաժարիլ ուժի գործադրումէն, ձեռնարկել իրադրութեան կայունացման ուղղեալ միջոցներու»։ 

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2019