ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ՝ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան 162-րդ եւ վերակազմութեան 37-րդ կրկնակ տարեդարձները երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցան կղզիի բարձունքին։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ՝ օրուան հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էր նաեւ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ եւ դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Եղիա Սրկ. Չալըշըր, Ալէն Սրկ. Ներկիզ, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Կարպիս Սրկ. Չիչէք, Գէորգ Սրկ. Ներկիզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Ներսէսեան դպրաց դասուն կողմէ։ Տեղապահ սրբազան հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից «Ներսէսեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը, որոնց միացաւ նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Ներսէսեան դպրաց դասու դպրապետ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Տնօրէն խորհուրդի ատենապետուհի Մեղանուշ Չընար, Դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան, ամրան դասընթացքներու մասնակից աշակերտներուն անունով Նարեկ Քազիկօղլու եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Կղզեաց թաղային խորհուրդին եւ Ներսէսեան դպրաց դասու տնօրէն խորհուրդին կողմէ պատրաստուած շարք մը յուշանուէրներ յանձնուեցան՝ ամրան շրջանին եկեղեցւոյ մէջ սպասարկած սարկաւագներուն, նոյնպէս ամրան շրջանին եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած ընկերամշակութային ձեռնարկներուն անմնացորդ զօրակցութիւն բերած նուիրեալներէն Թաթիանա Տեմիրին, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին, ինչպէս նաեւ պատանի Նարեկ Քազիկօղլուին՝ հաշուի առնելով, որ ան անցեալ շրջանի դասընթացքներուն մէջ իր արձանագրած յաջողութեամբ գրաւած էր ուշադրութիւն։

Այսպէս, կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններով հերթական անգամ տօնական տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ Գնալըի բարձունքին, մինչ 2019 թուականի ամրան շրջանն ալ հետզհետէ կը մօտենայ իր աւարտին։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2019