ԱՄՆ ՎԵՐՋ ԿՈՒ ՏԱՅ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԷՄ ՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները որոշեց վերջ տալ Յունական Կիպրոսի դէմ տարիներէ ի վեր գործադրուած՝ զէնք ու զինամթերքի վաճառքի շրջափակման։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիսի հետ։ Կը հաղորդուի, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացումը։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան կողմէ աւելի վերջ կատարուեցաւ գրաւոր յայտարարութիւն մը, որով տեղեկացուեցաւ, թէ 2021 թուականին պիտի դադրեցուի Յունական Կիպրոսի դէմ զէնքի վաճառքի շրջափակումը։

Անգարայի ղեկավարութիւնը բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ այս իրադարձութեան դէմ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ ընդգծուեցաւ, որ ԱՄՆ-ի որոշումը կը թունաւորէ խաղաղութեան մթնոլորտը եւ ներհակ է դաշնակցային ոգիին։ Արդարեւ, այդ շրջափակման կասեցումը տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան մթնոլորտի ԱՄՆ-ի կողմէ թունաւորումը կը համարուի։ Ամերիկեան կողմի այս որոշումը կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ ջանքերուն վրայ ժխտական ազդեցութիւն պիտի գործէ անխուսափելիօրէն։

Ըստ յայտարարութեան, Ուաշինկթընի մէջ առնուած այս որոշումը կը համընկնի այնպիսի ժամանակի մը, երբ Միջերկրականի արեւելքին լարուածութեան նուազեցման համար ջանքեր կը գործադրուին։ Ուստի, ամերիկեան կողմը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ այս որոշումը եւ ինքն ալ աջակցի՝ տարածքաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն։ Այլապէս, որպէս երաշխաւոր երկիր՝ Թուրքիա իրաւական ու պատմական իր պատասխանատուութիւնով համապատասխան քայլերը վճռակամութեամբ պիտի առնէ՝ Կիպրոսի թուրք ժողովուրդի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020