ԵՐԿԱՐԵԼ ԿԵԱՆՔԻ ՏԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Էտինպուրկի համալսարանի գիտնականները ապացուցած են, որ արեան մէջի երկաթի մակարդակը կ՚ազդէ մարդու կեանքի տեւողութեան վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ մասնագէտները հաշուի կ՚առնեն նաեւ երկարակեացութեան նկատմամբ ծինային հակուածութիւնն ու մարմնի մէջ երկաթի իւրացման արագութիւնը։

Հետազօտութեան արդիւնքին գիտնականները պարզած են, որ տարեց կանայք ու տղամարդիկ յաճախ կ՚ունենան իւրայատուկ ծիներ, որոնք կը կարգաւորեն այս տարրի մակարդակը արեան մէջ։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ երկաթի բարձր մակարդակը արեան մէջ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ մարմնի ընդհանուր վիճակին վրայ՝ երկարելով մարդու կեանքի տեւողութիւնը։

Աւելին՝ գիտնականները կը յայտարարեն, որ երկարակեաց մարդիկ ունին դեռ չուսումնասիրուած ծիներ, որոնք կը կարգաւորեն արեան մէջ երկաթի մակարդակը։

Այս յայտնագործութիւնը յետագային կրնայ օգնել գիտնականներուն ստեղծել դեղամիջոցներ, որոնք կը վերահսկեն այդ կարեւոր գործընթացն ու այդ միջոցով իսկ կերկարեն մարդոց կեանքի տեւողութիւնը։ Հետազօտութեան հեղինակներէն Փոլ Թիմերսի կարծիքով՝ արեան մէջ երկաթի մակարդակի կարգաւորումը կրնայ արդիւնաւէտ միջոց ըլլալ տարեցներու մարմնի մէջ տեղի ունեցող տարիքային փոփոխութիւնները դանդաղեցնելու համար։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020