ՍՈՒՐՃԻՆ ՕԳՏԱԿԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրճը ամենատարածուած ըմպելիքներէն մէկն է, սակայն ան ոչ միայն համեղ է ու թարմացնող, այլեւ շատ օգտակար։ Աւստրալացի գիտնականներու հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ այս տարածուած ըմպելիքը խիստ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ լեարդի վրայ, իսկ կանոնաւոր օգտագործելու պարագային կ՚օգնէ պաշտպանել լեարդը քաղցկեղի զարգացումէն։

Լեարդի քաղցկեղի հետեւանքով մահացութեան մակարդակի վերաբերեալ 2016 թուականին ստացուած տուեալներու վերլուծութեան արդիւնքին՝ գիտնականները եկած են այն եզրայանգման, որ սուրճի կանոնաւոր գործածութիւնը զգալիօրէն կը նուազեցնէ այս վտանգաւոր հիւանդութեան պատճառով մահացութեան մակարդակը։

Գիտնականները պարզաբանած են, որ սուրճը կրնայ կանխարգելիչ ազդեցութիւն ունենալ այս հիւանդութեան, ինչպէս նաեւ նուազեցնել անոր բարդութիւններու հետեւանքով մահուան հաւանականութիւնը։

«Օրական երկու-երեք բաժակ սուրճ խմելը կը նուազեցնէ լեարդի քաղցկեղի զարգացման հաւանականութիւնը 38 տոկոսով, իսկ այս հիւանդութեան հետեւանքով մահանալու հաւանականութիւնը՝ 46 տոկոսով։ Աւելի՛ն. օրական չորս բաժակ սուրճ խմելու պարագային ողջ մնալու հաւանականութիւնն ալ աւելի կը բարձրանայ», ըսած են մասնագէտները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2020