ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ 60-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Աշխարհահռչակ մերերգչուհի Յասմիկ Պապեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ան իր 60-ամեայ յոբելեանը կ՚ողջունէ՝ ջերմօրէն շրջապատուած իր արուեստի համակիրներուն կողմէ։

«Մեր ընտանիքին մէջ բոլորը կ՚երգէին, մայրս, հայրս հրաշալի ձայն ունէին։ Ես գիտէի, որ ինքս ալ լաւ ձայն մը ունիմ, բայց որ երգչուհի պիտի դառնայի, բացառուած էր։ Այդ մասին երբեք չէի մտածեր, նպատակ չունէի համաշխարհային բեմեր նուաճելու, պարզապէս սկսայ երգել, աշխատիլ։ Բան մը, սակայն, յստակ էր՝ տակաւին մանկութենէս սկսեալ միշտ փափաքած եմ յառաջատար ըլլալ, ըլլալ առաջին շարքերու վրայ՝ ինչ որ ալ ընեմ», յոբելեանին առթիւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է աշխարհահռչակ արուեստագիտուհին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021