ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մասնագիտական քննարկում մը՝ «Ընդդէմ մամուլի սահմանափակումներու, յանուն խօսքի ազատութեան եւ տեղեկացուած ըլլալու իրաւունքի» խորագրով։ Հայաստանի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցները երկար ժամանակէ ի վեր անհանգստութիւն կը յայտնեն՝ իշխանութիւններուն կողմէ մասնագիտական գործունէութեան դէմ առնուած քայլերուն շուրջ։ Այդ անհանգստութիւնները գագաթնակէտին հասան, երբ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու գործունէութեան համար նոր կարգ մը սահմանուեցաւ եւ այդ նորութիւնները գործնականին մէջ սահմանափակումներ ու բարդութիւններ կը յառաջացնեն մամլոյ սպասաւորներու աշխատանքին տեսակէտէ։ Բաց աստի, խորհրդարանէն ներս ծագած վերջին կռիւներուն ժամանակ ուղղակի կոպիտ միջամտութիւններ կատարուած են, որպէսզի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները չկարողանան հետեւիլ ու չդառնան ականատեսն ու վկան այդ ամօթալի երեւոյթներուն։

Երէկուան քննարկումներու օրակարգը ընդհանրապէս այս առանցքներուն շուրջ էր։ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Քոնկրէս» պանդոկին մէջ։

Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան, որ միեւնոյն ժամանակ «www.168.am» կայքի գլխաւոր խմբագիրն է, հաւաքոյթի ընթացքին ըսաւ. «Իշխանութեան համար մամուլը եւ ազատ խօսքը հռչակուած են դասակարգային թշնամիներ, որոնք կը խանգարեն իրենց սիրած պողպատեայ լիազօրութեան իրագործումը»։ Ըստ իրեն, տեւական ժամանակէ ի վեր մամուլի, ազատ խօսքի դէմ կ՚իրականացուի թէ՛ բացայայտ եւ թէ քօղարկուած քաղաքականութիւն մը։ Այսպէս, լրագրողները կը թիրախաւորուին իշխանութիւններուն եւ անոնց սպասարկող շրջանակներուն կողմէ։ Մամուլը բաժնուած է «իւրայիններու» եւ «օտարներու»։ Օրէնսդրական կարգաւորումներով կը փորձուի էականօրէն սահմանափակել լրագրողներու աշխատանքը եւ Սաթիկ Սէյրանեանի խօսքով՝ խորհրդարանի վերջին իրադարձութիւնները այս հանգամանքի ապացոյցը կը համարուին։ «Ընկերային մետիայի եւ այլ հարթակներու մէջ կ՚ընդհանրացուի մամուլի դէմ թշնամանք։ Այս արշաւը ուղղուած չէ միայն մամուլի դէմ, սա բացառապէս քաղաքական եւ հասարակական խնդիր մըն է, ինչ որ կ՚արտացոլէ ժողովրդավարութեան նկատմամբ իշխանութիւններու վերաբերմունքը։ Իշխանութիւնը տակաւին կը փորձէ պահպանել ժողովրդավարական կառուցողակարգի աճպարարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ բովանդակային հարթութեան վրայ ամէն ինչ ընելով մենատիրական մթնոլորտի մը հաստատման համար», ըսաւ Սէյրանեան։

Քննարկման մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպանի աշխատակազմէն Նունէ Յովսէփեան։ Անդրադառնալով խորհրդարանի վերջին դէպքերուն, ան ընդգծեց, որ անվտանգութեան աշխատակիցները լրագրողները օթեակէն հանելու ժամանակ ֆիզիքական ուժ կիրառած են։ Ըստ իրեն, խորհրդարանէ ներս լրագրողներու աշխատանքի սահմանափակումները եւ գործնականի ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տան, որ այդ սահմանափակումները որեւէ կապ չունին անվտանգութեան հետ եւ նպատակ կը հետապնդեն սահմանափակել լրագրողներու աշխատանքը, խոչընդոտել լրագրողներու մասնագիտական գործունէութիւնը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021