ՅԱՄԱՌ ՊԱՀԱՆՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ եթէ Ատրպէյճան վերադառնայ մայիսի 11-ի դրութեամբ իր զբաղեցուցած դիրքերը, ապա բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծուին երկու երկիրներու միջեւ սահմանագծման սկսելու համար։ Արդարեւ, եթէ Ատրպէյճան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն դուրս բերէ իր զօրքերը, ապա սա պիտի նշանակէ սահմանագծման համար բարենպաստ պայմաններու ձեւաւորումը։

Միրզոյեան, որ նախընթաց օր այցելեց Մոսկուա, «ՌԻԱ Նովոստի» ռուսական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ շեշտեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ այս պահուն սահմանազատման եւ սահմանագծման շուրջ բանակցութիւններ չկան։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան պէտք է որդեգրէ շինիչ դիրքորոշում եւ իր զօրքերը պէտք է դուրս բերէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։ «Այս պահուն կ՚ընթանան բանակցութիւններ, որոնց արդիւնքները ցոյց պիտի տան Պաքուի՝ համաձայնութեան գալու կարողութեան աստիճանը, ինչպէս նաեւ անոր պատրաստակամութիւնը՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու կոպիտ խախտումով արհեստական օրակարգ ստեղծելու քաղաքականութենէն հրաժարելու», ըսաւ Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ այդ բանակցութիւնները ռուսական կողմի անմիջական մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենան՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու։

Արարատ Միրզոյեան հարցազրոյցին մէջ մատնանշած է, որ Ատրպէյճանի զօրքերու կողմէ Հայաստանի սահմաններու խախտումով տեղւոյն վրայ պայթիւնավտանգ իրավիճակ մը ստեղծուած է։

Ըստ Արարատ Միրզոյեանի, Ռուսաստանի խաղաղապահներու ներկայութիւնը կարեւոր դեր մը կը խաղայ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ուղղութեամբ։ «Սահմանապահներու եւ դիտորդական առաքելութիւններու վերաբերեալ նախաձեռնութիւնները պէտք է դիտարկել՝ որպէս Ատրպէյճանի ռազմատենչ նկրտումներու զսպման եւ արիւնահեղութենէ խուսափելու ուղղեալ քայլ», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, որ Հայաստան պատրաստ է վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝ յայտնի սկզբունքներու հիման վրայ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Նախարարի խօսքով՝ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը Երեւանի երկարաժամկէտ ռազմավարութիւնն են։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ Միրզոյեան դիտել տուած է, որ հայկական կողմը հետեւողականօրէն յառաջ պիտի մղէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման, իր հայրենիքին մէջ ազատ ու արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի իրացումը։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյին Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Երկու նորանշանակ նախարարները անդրադարձան Երեւան-Թեհրան համագործակցութեան՝ կանգ առնելով տնտեսական ոլորտէ ներս կապերու ընդլայնման հեռանկարներուն վրայ։ «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրութեան միջանցք մը ստեղծելու վերաբերեալ բազմակողմանի համաձայնագրի ստորագրման եւ արդիւնաւէտ կիրառման կարեւորութիւնն ալ օրակարգի վրայ եկան նախարարներու զրոյցին ժամանակ։

Միրզոյեան եւ Ապտուլլահիան անդրադարձան տարածքաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերուն։ Միրզոյեան դիտել տուաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ կատարուած ոտնձգութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Իր խօսքով՝ նմանօրինակ գործելաոճը անթոյլատրելի է եւ լուրջ սպառնալիք՝ տարածքաշրջանային կայունութեան տեսակէտէ։

ՄՈՍԿՈՒԱ-ՊԱՔՈՒ ՇՓՈՒՄ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Խալաֆ Խալաֆով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ բովանդակալից զրոյցի ընթացքին հանգամանօրէն կարծիքներ փոխանակուած են երկկողմանի օրակարգի եւ տարածքաշրջանային բնոյթով խնդիրներու շուրջ։ Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւններու կատարման ընթացքին։

Փոխ-նախարարներու հեռախօսազրոյցը յաջորդած է Արարատ Միրզոյեանի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021