ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ 10-ՐԴ ՆԱՀԱՏԱԿԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ նահատակուած է հայ զինուոր մը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը ժամը 11.10-ի սահմաններուն կրակ բացին սահմանի Նախիջեւանի հատուածէն՝ մասնաւորապէս թիրախաւորելով Արարատի մարզի Երասխի դիրքերը։ Հրաձգային զանազան զինատեսակներով եւ դիպուկահար հրացաններով բացուած կրակին հետեւանքով զոհուեցաւ Գեղամ Սահակեան (1982թ.)։

Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ դատապարտուեցան Ատրպէյճանի գործողութիւնները եւ նախազգուշացուեցաւ, որ անոնք անպատասխան պիտի չմնան։ Իրադրութեան սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան։ Ըստ հայկական կողմին, պատերազմի աւարտէն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով նահատակուած 10-րդ զինուորն է Գեղամ Սահակեան։

Պաքուի աղբիւրները պաշտօնապէս հերքեցին վերոյիշեալ լուրերը։ Ըստ իրենց, վերոյիշեալ ուղղութիւնով երէկ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ որեւէ կրակոց չէ արձակուած։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց նաեւ հայկական կողմի պնդումները, ըստ որոնց վերջին օրերուն դիտաւորեալ հրկիզուած են սահմանամերձ արօտավայրերը։

ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ռազմական ոլորտէ ներս համագործակցութիւնն ալ կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Երկու երկիրներու ռազմաօդային ուժերը այս օրերուն կ՚իրականացնեն հերթական զօրավարժութիւնները, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ սեպտեմբերի 17-ը։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ զօրավարժութիւններու նպատակն է ամրապնդել երկու բանակներու օդային ստորաբաժանումներու միջեւ համագործակցութիւնը։ Ատրպէյճանի բանակէն ռազմաօդանաւեր Թուրքիա եկած են այս զօրավարժութիւններուն մասնակցելու համար։ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն մօտ ալ լայն արձագանգ գտած են այս ռազմափորձերը։ Շեշտուած է, որ Ատրպէյճանի ռազմական օդաչուները թռիչքային վարժանքներու ալ կը մասնակցին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2, 2021