«ԾԻՐԱՆԻ ԾԱՌ» ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ Գ. ՓԱՌԱՏՕՆԸ

«Ծիրանի ծառ» վաւերագրական ժապաւէններու միջազգային երրորդ փառատօնի երկու մրցութային՝ կարճամեթրաժ եւ լիամեթրաժ ծրագրերուն մէջ ընդգրկուած են 30 ժապաւէն՝ 25 երկրէ։ Շարժապատկերները այս տարի ընտրուած են փառատօնի ստացած շուրջ 1650 յայտրէն։ Փառատօնը տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբերի 1-5 թուականներուն միջեւ Երեւանի եւ Արագածոտնի մարզի Ուջան գիւղին մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ «Ծիրանի ծառ»ը «Ֆիլմադարան» շարժապատկերի մշակոյթի զարգացման հասարակական կազմակերպութիւնն է։ Ան ոչ միայն զանազան մարդոց, ժողովուրդներու ու համայնքներու զարկերակը պատկերող վաւերագրական ժապաւէններու տօն է, այլեւ հարթակ մըն է, ուր աշխարհի տարբեր ծայրերէն եկած շարժանկարի գործիչները կրնան հանդիպիլ, զրուցել ազատ մթնոլորտի մէջ՝ քննարկելով գաղափարները եւ կազմելով յետագայ համագործակցութեան հնարաւոր ծրագրեր։

Փառատօնի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին մէջ «Մի ամրան խրոնիկա» (1961թ.) ժապաւէնի ցուցադրութեամբ՝ նուիրուած անուանի ֆրանսացի բեմադրիչ Ժան Ռուշի 100-ամեակին։

Յաջորդ առաւօտ մասնակիցները կը մեկնին Ուջան, ուր կ՚անցընեն մնացեալ չորս օրը։ Մասնակիցներու բնակութեան համար ընտրուած են այնպիսի բնակարաններ, ուր երեխաները կը տիրապետեն անգելրէն լեզուին։ Այսպէսով՝ ուջանցի երեխաները կ՚ըլլան միջազգային շարժանկարի փառատօնի կամաւորներ։ Գիւղին մէջ տեղի կ՚ունենան ժապաւէններու բացօթեայ ցուցադրութիւններ, ինչպէս նաեւ զանազան համերգներ։ Իւրաքանչիւր օր մասնակիցներու մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ զրոյցներ շարժարուեստի մասին, որոնոց ընթացքին փառատօնի մասնակիցներն ու հիւրերը՝ տեղացի եւ արտասահմանցի շարժարուեստագէտներ, կը քննարկեն ֆիլմաշխարհի խնդիրները։ Ձեռնարկներու աւարտը կը բնորոշէ փառատօնի շրջանակներէն ներս Ուջանի մէջ կազմակերպուելիք շարժարուեստագէտներու ժողովը՝ նուիրուած միջազգային համագործակցութեան եղանակներու ընդլայնման խնդրին։

Փառատօնի աւարտէն յետոյ շարժապատկերները տարուան ընթացքին կը ցուցադրուին Հայաստանի տարբեր մերզերուն՝ գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ՝ որպէս առանձին նախագիծ։

Առաջին անգամ «Ծիրան ծառ» շարժապատկերի փառատօնը տեղի ունեցած է 2015 թուականի Հոկտեմբերին։ Եւ եթէ այդ տարի ան սահմանափակուած է միայն Երեւանով, ապա տարի մը վերջ փառատօնը իր ժապաւէններով հիւրընկալուած է նաեւ Ուջանի եւ Կիւմրիի մէջ։ 2016 թուականին փառատօնի մրցութային եւ արտա-մըրցութային ծրագրերուն մէջ ընդգրկուած էին 40 շարժապատկեր՝ 22 երկրէ, եւ կը մասնակցէին 17 հեղինակ՝ 8 երկրէ։ Ուջանի մէջ անցընելով օր մը՝ մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցած են ծանօթանալու հայկական գիւղի կենցաղին, իսկ փառատօնը, իր հերթին, յատուկ ցուցադրութիւն կազմակերպած է գիւղին համար։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2017