ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ ԱՍՏՂԸ

Երէկ, ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր իր մահկանացուն կնքեց 94 տարեկան հասակին։ Այսպէս, յաւերժական աստղի հրաժեշտը խոր ցաւով ընկալուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Իր կորուստը մեծ յուզում պատճառեց համայն մարդկութեան, որովհետեւ Շարլ Ազնաւուր տասնամեակներ շարունակ խորապէս տպաւորած էր իր ձայնով, ներթափանցած՝ մարդոց ներաշխարհին եւ իր կուռ ձայնով թրթռացուցած բոլորի սրտի լարերը։

Մօտաւոր անցեալին դէպի Ճաբոն շրջագայութեան մեկնած էր Շարլ Ազնաւուր, որ վերադարձին կը գտնուէր Ֆրանսայի հարաւի իր առանձնատան մէջ։ Դժբախտաբար, երէկ ան այդ առանձնատան մէջ աչքերը փակեց կեանքին։ «Դարու արուեստագէտ» կոչման արժանացած մեծանուն վարպետը այսպէսով յաւիտենականութեան ճանապարհը կը բռնէ՝ վիթխարի վաստակով, համատարած համակրանքով եւ անկրկնելի աւանդով։ Շարլ Ազնաւուրի մահուան բօթը շատ լայն արձագանգ գտաւ եւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցները սկսան արձագանգ հանդիսանալ, վերջին յարգանք մատուցել մեծ արուեստագէտին նկատմամբ։ Թէեւ ամբողջ աշխարհ կը սգայ Շարլ Ազնաւուրի մահը, սակայն բնականաբար, հայութեան սիրտը արդէն աւելի տարբեր, արդէն աւելի սաստիկ կ՚արիւնի՝ իր այս առասպելական, տաղանդաւոր զաւկի կորուստին հետեւանքով։

Շարլ Ազնաւուրի իսկական անունն էր Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան։ Ան գրած է աւելի քան 1400 երգեր, որոնք մեկնաբանուած են շատ յայտնի կատարողներու կողմէ։ Յօրինած է նաեւ օփերայի երաժշտութիւն։ Նկարահանուած է աւելի քան 60 ժապաւէններու մէջ։ Երաժիշտ ու դերասան ըլլալու առընթեր նաեւ բանաստեղծ էր։ Ցայսօր ամբողջ աշխարհի մէջ վաճառուած են իր միլիոնաւոր սկաւառակները։

1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն վերջ ան բազմիցս այցելած էր Հայաստան, եղած էր աղէտի գօտիէն ներս։ Փարիզի մէջ հիմնած էր «Ազնաւուրը Հայաստանին» հիմնադրամը, որու ներկայացուցչութիւնը բացուած է Երեւանի մէջ։ 1995 թուականէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով պատուոյ դեսպանն էր, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ Հայաստանի մշտական պատուիրակը։ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալէ վերջ 2009 թուականին նշանակուած էր Զուիցերիոյ մօտ դեսպան, նաեւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի մօտ մշտական ներկայացուցիչ։ Ֆրանսական պատուոյ լեկէոնի ամենաբարձր աստիճանին տիրացած էր, արժանացած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոսի կոչման։ Երեւանի մէջ հաստատուած է Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը։ Ունէր յուշագրութիւններ, որոնք հրատարակուած էին գիրքի ձեւաչափով։

Մինչ կը սպասուի յուղարկաւորութեան վերաբերեալ տուեալներու հրապարակման, ֆրանսական մամուլը այս առաւօտ տեղեկացուց, որ Ազնաւուրի մահուան պարագաները պարզելու նպատակով կը նախատեսուի բժշկական փորձաքննութիւն։ Ըստ դատախազութեան աղբիւրներուն, սա սովորական նախընթաց մըն է։ Փորձաքննութիւնը պիտի կատարուի Նիմայի բժշկական կեդրոնին մէջ։ Աշխարհահռչակ երգիչի մահը բնական էր, ուղղակի պէտք է ճշդուին հանգամանքները։ Ֆրանսական դատախազութեան աղբիւրները յայտնեցին, որ այս առումով անհանգստութեան պատճառ մը գոյութիւն չունի։  

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018