ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան գործընկերութեան կոմիտէի առեւտուրի հարցերով առաջին նիստը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ Եւրոյանձնաժողովի առեւտուրի ընդհանուր տնօրէնութեան բաժնի պետ Փեթրոս Սուրմելիսի կողմէ գլխաւորուած ԵՄ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Երեւան։

Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Սուրմելիս տեղեկացուց, որ իրենց տուեալներով Հայաստանի հետ առեւտրաշրջանառութիւնը անցած է 1 միլիառ եւրոյի նիշը։ Սա շատ տպաւորիչ եւ ուրախալի է։ Ներկայիս եւրոպական կողմը կ՚ակնկալէ Հայաստանի մէջ ներդրումներու աճ եւ արտադրութիւններու հիմնադրութիւն։ Իր խօսքով, Հայաստանէ ներս որեւէ ներդրման համար անհրաժեշտ է յստակութիւն եւ կայունութիւն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018