ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԿՈՒՐԾՔԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ

Երէկ երեկոյեան, Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի Էյֆելի աշտարակը վարդագոյնով պատուած է, ի նշան աջակցութեան կուրծքի քաղցկեղի դէմ պայքարի շարժման։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Փարիզի գլխաւոր տեսարժան վայրը՝ Էյֆելի աշտարակը, վարդագոյնով պատուած է, ի նշան աջակցութեան կուրծքի քաղցկեղի դէմ պայքարի Octobre Rose (Վարդագոյն հոկտեմբեր) շարժումին։ Այս առթիւ Թրօքատերոյի հրապարակին եւ Մարսեան դաշտին մէջ աշտարակի ստորոտի մօտ հաւաքուած էին Ֆրանսայի մայրաքաղաքի հարիւրաւոր բնակիչներ ու հիւրեր: Լուսային շոուի պաշտօնական մեկնարկը տուած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, որ յիշեցուցած է, թէ աշտարակը կրծքագեղձի քաղցկեղի դէմ պայքարի շարժման «կ՚աջակցի» 2014 թուականէն ի վեր: Լուսային շոուն շարունակուած է անվճար համերգով մը, որուն մասնակցած են Les Rita Mitsouko ֆրանսական խումբը եւ բրիտանացի փոփ-ռոք հեղինակաւոր կատարող Տաիտօ, որ ներկայիս հիւրախաղերով հանդէս կու գայ Փարիզի մէջ: Կազմակերպիչներու խօսքով՝ նմանօրինակ շարժումները կարեւոր են ոչ միայն հիւանդութեան դէմ պայքարի գծով ջանքերու կարեւորութեան վերաբերեալ հասարակութիւնը իրազեկելու, այլեւ համապատասխան հետազօտութիւններու կատարման վրայ ներդրողներու ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2019