ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը շարունակէ հանդէս գալ լուրջ ազդարարութիւններով։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Ազգային մեծ ժողովէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ հերթական անգամ անդրադարձաւ հակամարտութեան։ Խորհրդարանի նոր օրէնսդրութեան շրջանի սկիզբին առթիւ տեղի ունեցած հանդիսաւոր նիստին ժամանակ ան կրկնեց Թուրքիոյ անվերապահ զօրակցութիւնը ի նպաստ Ատրպէյճանին։ Ան ըսաւ.

«Ատրպէյճանցի մեր եղբայրներուն կողքին ենք՝ իրենց բռնագրաւեալ տարածքները փրկելու եւ իրենց հայրենիքը պաշտպանելու պայքարին մէջ։ Այս բոլորը պարոն Փութինին եւ Մաքրոնին հետ ալ խօսեցանք, սակայն ապարդիւն։ Հիմա ահա արդիւնք ունենալու ժամանակն է։ Մեր ազէրի եղբայրները քայլ մը առին, որպէսզի իրենք կտրեն սեփական պորտը»։ Էրտողան նշեց, որ տարածքաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութեան հաստատման ճանապարհն է՝ հայոց կողմէ բռնագրաւուած Ատրպէյճանի իւրաքանչիւր թիզ հողի ազատուիլը։ «Ես կը զգուշացնեմ այս աւազակ պետութիւնը բոլոր խրախուսողները, թէ մարդկութեան հասարակաց խղճին առջեւ իրենցմէ հաշիւ պիտի պահանջուի», ըսաւ Էրտողան։

Երէկուան ելոյթին մէջ Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան։ «Անընդունելի է, երբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը կրակի դադրեցում կը պահանջէ։ Նախ պէտք է պահանջէ, որ հայերը Ատրպէյճանէն դուրս հանեն իրենց զօրքերը», ըսաւ Էրտողան։

Բաց աստի, նախագահը աւելցուց. «Թուրքիոյ դէմ զրպարտելու մշտական փորձերը չեն փրկեր Հայաստանի կառավարութիւնը»։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ Լիպիոյ իրավիճակը։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով լուրջ մտահոգութիւն յայտնեցին Լեռնային Ղարաբաղի պարագային շարունակուող զինեալ դիմակայութեան կապակցութեամբ։ Անոնք կողմ արտայայտուեցան ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման համար։ Ընդգծուեցաւ հակամարտութեան մէջ այլ շրջաններէ ապօրինի զինեալ խմբաւորումներու ներգրաւման անթոյլատրելիութիւնը։ Նշուեցաւ ծայր աստիճան հաւասարակշռուած քայլերու անհրաժեշտութիւնը՝ Պաքուին եւ Երեւանին քաղաքական ու դիւանագիտական օգնութիւն ցուցաբերելու տեսանկիւնէն։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սերկէյ Լաւրով վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը սերտ համակարգումով իրավիճակը կայունացնելու, հնարաւորինս արագ հակամարտութեան կարգաւորումը խաղաղ բանակցային հունի վերադարձնելու ուղղութեամբ։ ԹԱՍՍ ռուսական գործակալութիւնը հեռախօսազրոյցի վերաբերեալ այս մանրամասնութիւնները քաղած է Անգարայի դիւանագիտական աղբիւրներէն։ Նոյն ծիրին մէջ տեղեկացուած է, որ Չավուշօղլու-Լաւրով զրոյցի ժամանակ ռուսական կողմը ուշադրութիւն հրաւիրած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեռնարկած ջանքերուն վրայ՝ ներառեալ երէկ հրապարակուած նախագահներու համատեղ յայտարարութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020