ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՀԱՒԿԻԹ

Չինաստանի մէջ հաւ մը կանաչ նախշաւոր հաւկիթ ածած է։ Այսպէս, Չինաստանի Սուցիան քաղաքին մէջ հաւ մը կանաչ նախշաւոր հաւկիթ մը ածած է։ Արտասովոր գտածոն յայտնաբերած է Չինաստանի արեւելեան նահանգի Քաօ անունով բնակչուհին: Իրեն հաւերէն մէկը կանաչ երկրաչափական նախշերով հաւկիթ մը ածած է:

Հաւուն տէրը նշած է, որ միւս հաւկիթերը սովորական են: Տեղացի անասնաբոյժ Չժան Վենչեն կ՚ենթադրէ, որ գոյնը պայմանաւորուած է հաւուն սննդակարգի փոփոխութեամբ: Բայց տանտիրուհին կը հաւաստիացնէ, որ ինքը չէ փոխած հաւերու սննդակարգը:

Չինուհին որոշած է չկոտրել հաւկիթը, ուստի անյայտ է, թէ արդեօք հաւու մարմնին մէջ անբնականութիւններ կա՞ն, թէ ոչ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020