ԹԱԹՈՒԼ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ՝ ՀԱՅՈՑ ԵՐԳԻ ՈՒ ՊԱՐԻ ԲԵՄԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՄԵԾ ՎԱՐՊԵՏԸ

Հոկտեմբեր 2-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը իր մեծատաղանդ արուեստագէտներէն Թաթուլ Ալթունեանի (1901-1973), որուն անունն ու գործը անմահութիւն նուաճեցին՝ իբրեւ հիմնադիր խմբավարը Հայաստանի Երգի ու պարի պետական համոյթին։

Գեղարուեստական բարձրորակ ճաշակով ու յղացումներով օժտուած երաժիշտն ու խմբավարն է Թաթուլ Ալթունեան, որ իբրեւ հայ մշակոյթի գեղարուեստական մեծահարուստ ժառանգութեան աւետաբերի՝ հայոց երգին ու պարին կախարդական աշխարհը բացաւ ոչ միայն սեփական ժողովուրդին, այլեւ ողջ մարդկութեան առջեւ՝ հմայելով արուեստի ծարաւ բոլոր հոգիները անխտիր։

Ինչպէս բոլոր իրա՛ւ արուեստագէտներու պարագային, մարդուն եւ մարդկայինին նկատմամբ անհուն սէրն ու ջերմեռանդ պաշտամունքը առաջնորդող լոյսը եղան Թաթուլ Ալթունեանի, որ խորապէս հաւատաց եւ անվհատ ստեղծագործեց այն մղումով, թէ՝ «Երբեմն մի պտղունց բարութեամբ կարելի է չարութեան մի բլուր փլցնել»։

Մեծատաղանդ հայը ծնած էր 119 տարի առաջ, հոկտեմբեր 2-ին, Կիլիկիոյ մէջ։
Ծնած էր Տիգրան Ալթունեանի ընտանեկան համեստ յարկին տակ եւ կնքուած էր հայ ժողովուրդի հերոսական զաւակներէն Թաթուլ Վանանդեցիի անունով։

Ծնած ըլլալով 20-րդ դարասկիզբին, Ատանայի մէջ աչքերը բացած Թաթուլ Ալթունեան, երկար չվայելեց բնական գեղեցկութեամբ յատկորոշ իր ծննդավայրը։ 14-ամեայ պատանի՝ Թաթուլ Ալթունեան ապաստանեցաւ Երեւան։

Ի վերուստ երաժշտական տաղանդով օժտուած հայ պատանի գաղթականին համար Երեւանը դարձաւ անփոխարինելի իր մեծ օճախը՝ Թաթուլ Ալթունեանին տալով հնարաւորութիւնը լիովին զարգացնելու թէ՛ երաժիշտի ու խմբավարի իր ընդունակութիւնները, թէ՛ հայոց երգ ու պարի առինքնող աշխարհին խորաթափանց ճանաչողութիւնը, թէ՛ ազգային-ժողովրդական շունչով ստեղծագործելու տաղանդը։

Թաթուլ Ալթունեան 1928-ին աւարտեց Երեւանի, իսկ 1934-ին՝ Սեն Փեթերսպուրկի երաժշտանոցները: 1934-էն իսկ սկսաւ դասաւանդել Երեւանի երաժշտանոցին մէջ:

1935-էն մինչեւ 1949 թուականը, տարբեր հանգրուաններով, Թաթուլ Ալթունեան ստանձնեց ղեկավարութիւնը Երեւանի երաժշտանոցին եւ Հայաստանի պետական երգչախումբերուն։ Իսկ 1938-էն մինչեւ 1970 թուականը տեւաբար ղեկավարեց Հայկական ժողովրդական երգի-պարի համոյթը, որ իր մահէն տարի մը ետք՝ 1974 թուականին, պաշտօնապէս կոչուեցաւ Թաթուլ Ալթունեանի անունով։

Թաթուլ Ալթունեան 1958-էն մինչեւ 1973 թուականը վարեց նախագահութիւնը Հայաստանի Երգչախմբային ընկերութեան, իսկ 1966-69-ին միաժամանակ ղեկավարեց Ընկերութեան երգչախումբը:

Այդպէ՛ս, շուրջ քառասուն տարի, Թաթուլ Ալթունեանի ղեկավարութեան տակ, հայ թէ օտար բեմերու վրայ, Խորհրդային կողմն աշխարհի թէ երկրագունդի ողջ տարածքին, ինքնատիպ մեկնաբանութեամբ հնչեցին ու լայն ժողովրդականութեան արժանացան Կոմիտասի «Գարուն»ը, «Կալի երգը», «Սոնա եար»ը, «Լօ, լօ»ն, «Անձրեւն եկաւ»ը, «Քաղհան»ը, նոյնպէս՝ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի «Գացէք, տեսէք»ը, «Զինչ ու զինչ»ը, Սպիրիտոն Մելիքեանի «Թխկոնդա», «Պիլիբի» երգերը, հայկական ժողովրդական երգերու բազում մշակումներ, հայկական, ռուսական, արեւմտաեւրոպական խըմ-բերգային ստեղծագործութիւններ։

Թաթուլ Ալթունեանի գեղարուեստական մեծ տաղանդին անմահ վկաներն են ինքնատիպ ոճով իր մշակումները ոչ միայն Կոմիտասի եւ Ս. Մելիքեանի, այլեւ իր իսկ կողմէ ձայնագրուած գուսանական եւ ժողովրդական երգերուն ու պարեղանակներուն, ինչպիսին են՝ «Հոյ, իմ Նազանի եարը», «Նուպար, Նուպար»ը, «Եաման եար»ը, «Հոպինա»ն, «Խամբաջի»ն, «Քա, դէ եսիմ»ը եւ այլն: Թաթուլ Ալթունեան հեղինակն է նաեւ մեր ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս հանդիսատեսին կողմէ այնքա՜ն սիրուած «Սեւանի», «Նազելի», «Նազպար», «Արտաշատի» եւ այլ պարեղանակներուն: Երգի-պարի համոյթի գեղար-ւեստական շրջապտոյտներով, երկար տարիներ եւ բազում անգամներ, Թաթուլ Ալթունեան գտնուեցաւ սփիւռքի գրեթէ բոլոր հայօճախներուն մէջ եւ մեծապէս նպաստեց տեղական երգի-պարի կամաւոր ու սիրողական խումբերուն կատարողական վարպետութեան բարձրացումին։

Մեծ վարպետին անունով կոչուեցան Գահիրէի, Պուէնոս Այրէսի եւ այլ գաղութներու հայկական երգի-պարի համոյթները։ Մեծատաղանդ խմբավարին, երաժշտական ուսուցիչին եւ Հայաստանի Պետական երգչախումբին ու Հայկական ժողովրդական երգի-պարի համոյթին վաստակաշատ հիմնադիրին ծննդեան 119-րդ տարեդարձին նուիրուած ոգեկոչման ու մեծարանքի այս ամփոփ վկայութիւնը եզրափակելու համար, յատուկ կարեւորութեամբ կ՚արժէ շեշտել, որ Թաթուլ Ալթունեան եղաւ նաե՛ւ պատգամի տէր հայը, որ միշտ վառ պահեց անհուն բարութիւնը մեր ժողովուրդին՝ ծանրագոյն հարուածներէ վերապրելու եւ մարդուն ու աշխարհին նկատմամբ իր բարի հաւատքը չկորսնցնելու հայու ազգային հրաշազօր լաւատեսութեան:

Հայաստանի ու հայութեան հաւատքով, մեր ժողովուրդի բազմադարեան լուսաւոր երթը նոր հորիզոններու բանալու ստեղծագործական անշէջ հուրով վարակուած՝ Թաթուլ Ալթունեան հայ մշակոյթն ու արուեստը վերանորոգելու կենսունակութեամբ ու գեղարուեստական վարպետութեամբ, արժանաւորապէ՛ս, իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճեց վերապրող հայութեան հոգեմտաւոր առաջնորդներու անմահ փաղանգին մէջ։

Հայ երգին ու պարին բեմականացման մեծատաղանդ վարպետը մեր սերունդները պիտի յիշեն անոր գեղարուեստական թեւաւոր կտակով՝
«Հայ երգը մի բարձրահասակ, նիհար ու նուրբ գեղեցկուհի է, որին եթէ շատ զարդարես՝ կը կորչի ու կը խեղդուի, կը կռանայ ու կը փշրուի»։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020