ԹՐԱՄՓ, ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ՄԱՔՐՈՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՊԱՀԱՆՋԵՑԻՆ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՆՆԵՐՈՒ ԱՆՅԱՊԱՂ ԴԱԴՐԵՑՈՒՄԸ, ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարները երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն կոչ ուղղեցին, որպէսզի ռազմական գործողութիւնները անյապաղ դադրեցուին՝ առանց նախապայմաններու եւ հակամարտ կողմերը վերադառնան բանակցային սեղանի շուրջ։ «Մենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կոչ կ՚ուղղենք անյապաղ ստանձնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքան խմբակի աջակցութեամբ բարեխղճօրէն եւ առանց նախապայմաններու հակամարտութեան կարգաւորման առարկայական բանակցութիւններու վերսկսելու պարտաւորութիւնը», նշուած է Թրամփի, Փութինի եւ Մաքրոնի համատեղ յայտարարութեան մէջ։ Երեք նախագահները նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած են վերջին ռազմական գործողութիւններու ժամանակ զոհուածներու ընտանիքներուն։

Հայաստանէն քաղաքական մեկնաբաններ անմիջապէս արձագանգեցին այս համատեղ յայտարարութեան։ Այսպէս, սոյն յայտարարութիւնը որոշ չափով ուշացած համարուեցաւ՝ մինչ ըստ այլ մեկնաբանութիւններու, ան աւելի հասցէական պէտք է ըլլար։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ երէկ կատարուած համատեղ յայտարարութիւնը։ Նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանն ալ երէկ յայտարարեց, որ Երեւան հակամարտութեան կարգաւորման միակ ելքը կը համարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափը։

Նախագահներու համատեղ յայտարարութեան հրապարակման զուգահեռ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու մայրաքաղաքներէն՝ Ուաշինկթընէն, Մոսկուայէն եւ Փարիզէն երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ պատգամներ ալ հնչեցին։ Այդ բոլորը կ՚առընչուէին նաեւ Թուրքիոյ հետ։ Նախագահներու համատեղ յայտարարութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ՝ ամերիկեան, ռուսական եւ ֆրանսական կողմերը անդրադարձան Ատրպէյճանի զօրքերու շարքերուն ընդգրկուած սուրիացի վարձկան գրոհայիններու խնդրին, ինչ որ շատ լայն հնչողութիւն գտած է միջազգային հանրութեան մօտ։

Այս ամբողջին մէջ ամենախիստ դիրքորոշումը որդեգրեց Էմմանիւէլ Մաքրոն։ Ծանօթ է, որ վերջին շրջանին Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ միջազգային օրակարգի զանազան հարցերուն շուրջ յառաջացած են լուրջ տարակարծութիւններ, նաեւ անխուսափելի մրցակցութիւն։ Այս իրավիճակին մէջ, Մաքրոն երէկ Պրիւքսելի մէջ Եւրոմիութեան գագաթաժողովին մասնակցելու ժամանակ մամուլին յայտարարեց. «Ես Ալիեւին ուղիղ ըսած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումները չունին որեւէ արդարացում։ Ֆրանսացի ղեկավարը յայտնեց նաեւ, որ Փարիզ ունի ապացոյցներ, ըստ որոնց Սուրիայէն վարձկաններ կը կռուին Ատրպէյճանի զօրքերու շարքին։ Այս վերահաստատումին առընթեր, ֆրանսացի ղեկավարը ընդգծեց, որ Փարիզ, Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա մօտաւոր ապագային շարք մը նախաձեռնութիւններով հանդէս պիտի գան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան դադրեցման համար։ Էմմանիւէլ Մաքրոն Թուրքիան թիրախաւորեց նաեւ ուրիշ առանցքի մը վրայ եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի ՆԱԹՕ ուշադրութիւն ցուցաբերէ Թուրքիոյ ընթացքին նկատմամբ։ Հայկական լրատուական միջոցները լայնօրէն արձագանգ հանդիսացած են այս բոլորին։

Եւրոպայի երկիրներէն Դանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Եփփէ Քոֆոտն ալ  ընկերային ցանցերու միջոցաւ գրառում մը կատարելով անդրադարձաւ Արցախի ռազմական գործողութիւններուն։ Ան յայտնեց, որ խորապէս մտահոգուած է ռազմական գործողութիւններու մագլցումով եւ անհրաժեշտ է անմիջապէս հրադադարի հաստատումը։ «Լիովին կը սատարեմ Ֆրանսայի, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի ջանքերուն», յայտնեց Քոֆոտ։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու շարքին, աւանդաբար, Ֆրանսա կը համարուի Եւրոպայի ներկայացուցիչը։ Մաքրոնի յայտարարութիւններն ալ համընկնեցան Եւրոմիութեան գագաթաժողովի օրերուն։ Ըստ Պրիւքսելէ հասած լուրերուն, ԵՄ-ի խոր-հուրդը երէկ փակ հանդիպում մը ունեցաւ ղարաբաղեան հարցին շուրջ։ Աւելի ուշ Եւրոմիութիւնը հանդէս եկաւ կոչով մը, որով պահանջեց անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Նոյն առթիւ կոչ ուղղուեցաւ նաեւ, որպէսզի Թուրքիա միջամուխ չդառնայ այս հակամարտութեան։ Եւրոպական կողմը համոզուած է, թէ իւրա-քանչիւրը շինիչ դեր մը պէտք է խաղայ՝ նպաստելու համար լարուածութեան թուլացման։ Ըստ զանազան աղբիւրներու պնդումներուն, որոշ շրջանակներ կը փորձեն օրակարգի վրայ բերել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի կազմէն Թուրքիոյ դուրս թողուիլը։ Յամենայնդէպս, վերջնական տեղեկութիւններ չկան այս մասին։

Ուաշինկթընէն երէկ հնչած յայտարարութիւններն ալ զուգահեռականի մէջ էին Փարիզի հետ։ Փենթակոնի աղբիւրները հաստատեցին, որ ըստ իրենց տուեալներուն՝ հարիւրաւոր սուրիացի վարձկաններ տասնեակ թռիչքներով փոխադրուած են Ատրպէյճան։ Իր կարգին, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն ալ հանդէս եկաւ կոչով մը, որպէսզի Հայաստան եւ Ատրպէյճան ետքայլ ընեն ու դադրեցնեն կրակը։ Ամերիկացի պետական քարտուղարի խօսքով՝ երրորդ երկիրներու ներգրաւումը այս բոլոր խնդիրները միայն կը խորացնեն։ «ԱՄՆ իրավիճակի միջազգայնացումը ընդունելի չի համարեր ու համոզուած է, թէ հիմնախնդրին չներգրաւուած կողմերը պէտք է քաշուած մնան մէկ կողմ», ըսաւ Փոմփէօ եւ յոյս յայտնեց, թէ Պաքու եւ Երեւան յաջորդ օրերուն կը հասկնան, որ կարելի չէ ուժի միջոցաւ կարգաւորել հակամարտութիւնը։ Փոմփէօ շեշտեց, որ երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ զրուցած է եւ անոնցմէ խնդրած՝ հետեւիլ համապատասխան ընթացքին։

Մոսկուայէն երէկ հնչած յայտարարութիւններն ալ համահունչ էին Ուաշինկթընի եւ Փարիզի մօտեցումներուն հետ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա տեղեկացուց, որ ռուսական կողմն ալ ունի ապացոյցներ, ըստ որոնց Սուրիայէն վարձկաններ ուղարկուած են Ատրպէյճան։ «Սուրիոյ մէջ կը շարունակուին ձեւաւորուիլ զօրամիաւորումներ, որոնք վտանգ կը ներկայացնեն ո՛չ միայն սուրիացիներու համար», ըսաւ Զախարովա՝ վարձկաններու ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտի ուղարկուելուն մասին։ Ըստ իրեն, Սուրիոյ ղեկավարութեան վերահսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքներէն ներս կը շարունակուի զօրամիաւորումներու ձեւաւորումը։ Բանբերը շարունակեց. «Մենք անտարբեր չենք տարածքաշրջանէ ներս տեղի ունեցածներուն նկատմամբ ու վստահ ենք, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի»։ Իր խօսքով՝ տարածքաշրջանային խնդիրներու լուծումը բացառապէս քաղաքական դաշտի մէջ կը գտնուի։

Երէկ, Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Արցախի լայնածաւալ պատերազմը։ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ գումարուած նիստէն վերջ հաղորդումներ կատարուեցան Քրեմլինի բանբերին՝ Տիմիթրի Փեսքովի կողմէ։ Ժողովի ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերուած է Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ տիրող իրավիճակին առընչութեամբ։ Ըստ Փեսքովի, ժողովականները մատնանշած են Սուրիայէ եւ Լիպիայէ զինեալներու տեղափոխման բերումով տարածքաշրջանէ ներս ծայրայեղ վտանգաւոր դրութիւնը։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սերկէյ Ռիապքովն ալ երէկ անդրադարձաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կապակցութեամբ Մոսկուա-Ուաշինկթըն երկխօսութեան։ Ըստ իրեն, ռուսական եւ ամերիկեան կողմերու այս փուլի երկխօսութիւնը ուղղուած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակէն ելք մը գտնելու։ Ռուս փոխ-նախարարը յոյս յայտնեց, թէ այդ երկխօսութիւնը կը նպաստէ տարածքաշրջանէ ներս առկայ մտահոգիչ իրավիճակի յաղթահարման եւ կայունացման։

Միջնորդական ջանքերու մթնոլորտին մէջ ուշագրաւ յայտարարութիւն մըն ալ ըրաւ ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Վասիլի Նեպեզնիա։ «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը պատրաստ է աջակցիլ բանակցութիւններուն, սակայն երկխօսութեան կարեւոր պայմանը կողմերու պատրաստակամութիւնն է», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Մոսկուա տակաւին երկխօսութեան պատրաստակամութիւն չի տեսներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ։

Հիմնական միջնորդ երկիրներուն առընթեր իրադարձութիւններուն անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի նաեւ տարածքաշրջանի կարեւոր դերակատարներէն Իրան։ Թեհրանէն ալ վերջին օրերուն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը հնչեն՝ վարձկաններու խնդիրներուն վերաբերեալ մտահոգութիւններով հանդերձ։ Ըստ վերջին լուրերուն, երէկուան բախումներուն ժամանակ երեք արկ ինկաւ Իրանի տարածքէն ներս։ Բաց աստի, Իրանի զինեալ ուժերուն կողմէ ալ խոցուեցաւ Ատրպէյճանի բանակի անօդաչու թռչող սարք մը։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը անհանգիստ է նաեւ այս բոլորին բերումով։

Հայկական կողմը ստեղծուած հաւասարակշռութիւնները կը մեկնաբանէ զանազան երեսակներով։ Կարգ մը վերլուծաբաններ յատկանշական կը նկատեն, որ թէ՛ Իրան եւ թէ Ռուսաստան դատապարտած են ահաբեկիչներու «ներմուծումը» Ատրպէյճան։ Այսպէսով բացառիկ իրավիճակ մը ստեղծուած է Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Ռուսաստան ընդհանրական շահու ձեւակերպման համար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020