ԻՆՔՆԱՏԻՊ ՈՒ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ԳՈՐԾԵՐ

Ճաբոնցի նկարիչը տերեւները կը վերածէ արուեստի ինքնատիպ ու տպաւորիչ գործերու։ Այսպէս, ճաբոնցի նկարիչը, որ Instagram-ի մէջ հանդէս կու գայ Lito Leaf art անունով, տերեւներու միջոցով արուեստի ինքնատիպ ու տպաւորիչ գործեր կը ստեղծէ։ Այս տերեւներու մէջը կ՚ապրի ամբողջ աշխարհ մը՝ լեցուն կենդանիներով, մարդոցմով եւ այլ զանազան երեւոյթներով։ Նկարիչը ըսած է, որ այս հիանալի միջոց մըն է ուշադրութեան պակասի եւ հիփերաքտիվութեան համախտանիշի դէմ պայքարելու համար։ Ան իրեն կ՚օգնէ նուազեցնել ցրուածութիւնն ու կեդրոնանալ իր արուեստի գործերու վրայ։ Անոր խօսքով՝ սկիզբին թուղթերու վրայ ստեղծագործած է, սակայն տեսնելով սպանացի նկարիչի՝ տերեւներու վրայ աշխատանքը, ցնցուած է եւ որոշած է նոյն ձեւով զբաղիլ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020