ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՏ ԿԱՆՉԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերսկսած պատերազմը վերիվայրումներու պատճառ դարձած է նաեւ Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ։ Ատրպէյճանին արտահանուած մեծաքանակ զէնքերու եւ զինամթերքի հետեւանքով Հայաստան ունի լուրջ անհանգստութիւն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, հայկական կողմը դիւանագիտական հարթութեան վրայ առած է քայլ մը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեան խորհրդակցութիւններու համար ետ կանչուած է Երեւան։

Հարկ է յիշեցնել, որ Իսրայէլի մէջ վերջերս տեղի ունեցած էր հայկական դեսպանատան պաշտօնական բացումը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020