ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 151-ԱՄԵԱԿԸ

Հնդկաստանի քաղաքական ու հոգեւոր առաջնորդ, անկախութեան շարժման ղեկավար, փաստաբան, լրագրող, փիլիսոփայ, ինքնակենսագիր, ակնարկագիր, խմբագիր, իրաւաբան, յուշագրող Մոհանտաս Քարամչանտ Կանտի ծնած է 2 հոկտեմբեր 1869 թուականին Փորպանտար՝ Հնդկաստան։ Հայրն է Քարամչանտ Կանտի, իսկ մայրը՝ Փութլիպաի Կանտի։ Կանտիի հայրը, զգալով իր մահուան մօտենալը, կ՚որոշէ իր որդին ամուսնացնել: Հնդկական աւանդութիւններու համաձայն, ան արդէն ընտրած է իր զաւկին համար կին մը: 13 տարեկանին ամուսնացած է Քասթուրպա Մաքհաժի հետ եւ ունեցած են հինգ զաւակ։

1888 թուականին՝ հազիւ 19 տարեկանին, Մահաթմա Կանտի կը մեկնի Լոնտոն, ուր երեք տարի կ՚ուսանի աւարտելով իրաւաբանութեան համալսարանը։ 1893-ին ան կ՚աշխատի Հարաւային Ափրիկէի մէջ։ Հոն կը սկսի իր տեղացիներու պաշտպանութեան գործընթացին։ Ան կը նախաձեռնէր արդարութեան վրայ հիմնուած սկզբունքներ եւ բռնութեան դէմ բուռն դիմադրութիւն կը ցուցաբերէր: Այսպէսով Հնդկաստան կը շահի իր անկախութիւնը եւ մեծապէս կ՚ազդէ ամբողջ աշխարհի մէջ նմանատիպ շարժումներու տարածման՝ ի խնդիր քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութեան։ Ան ճանչցուած եւ յարգուած է Հնդկաստանի մէջ, իբրեւ Հնդկաստանի հայր։ Կանտի հայրենիք կը վերադառնայ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին՝ 1915-ին, եւ կը դառնայ ազգայնական շարժումի առաջնորդը։ Օգտագործելով «Սաթեակրահայի» սկզբունքները՝ Կանտի կը գլխաւորէ Հնդկաստանի անկախութեան պայքարը Անգլիոյ դէմ։ Անգլիացիները յաճախ ձերբակալած են Կանտին՝ Հարաւային Ափրիկէի եւ Հնդկաստանի մէջ ցուցաբերած իր գործունէութեան համար: Ան եօթը տարի անցուցած է բանտին մէջ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն երկու տարի վերջ՝ 13 յունուար 1948-ին, Հնդկաստանի մէջ բախումներ տեղի կ՚ունենան, եւ Կանտի հացադուլ կը յայտարարէ։ Ան այդ ատեն 78 տարեկան ծերունի էր։ Հինգ օր ետք, ընդդիմադիրները կը խոստանան դադրեցնել պայքարը եւ Կանտի կ՚ընդհատէ հացադուլը։ Հացադուլէն 12 օր ետք մոլեռանդ-հինտու Նաթհուրամ Կոտզէ՝ Կանտիի հակառակորդը, երեք անգամ կը կրակէ Մահաթմայի փորին եւ կրծքավանդակին վրայ։ Կանտի, մահամերձ վիճակի մէջ, շարժումներով ցոյց կու տայ, որ կը ներէ մարդասպանին։ Ան 30 յունուար 1948 թուականին կը մահանայ Հնդկաստանի մէջ։

Մահաթմա Կանտի ապրած է չափազանց համեստ կեանք մը։ Ան բուսակեր էր եւ յաճախ ալ ինքնամաքրման եւ ընկերային անարդարութիւններու դէմ բողոքի համար ծոմ կը պահէր։ Անոր տարեդարձին օրը՝ 2 հոկտեմբերին, Հնդկաստանի մէջ կը նշուի իբրեւ Կանտիի ազգային տօն, իսկ աշխարհի մէջ՝ «Ոչ բռնութեան» միջազգային օր։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020