ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՍԱ ԱՐԴԷՆ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑ ՉԷ։ ՍԱ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ ՉԷ։ ՍԱ ԱՅԼԵՒՍ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ Է։ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ՆԱԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՍՏԱՆՁՆԵԼՈՎ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

Արցախի ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով սաստիկ մարտերը կը շարունակուին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ գիշեր բախումները շարունակուած են։ Այս օրուան սկիզբին ալ կացութեան մէջ փոփոխութիւն մը չէ եղած։ Ատրպէյճանի բանակը Արցախի առընթեր երէկ շարունակեց թիրախաւորել նաեւ Հայաստանի ամբողջ տարածքը։ Հադրուտի, Մարտունիի շրջաններուն մէջ, Կոտայքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ խաղաղ բնակչութեան շրջանակէն կան բազում զոհեր, վիրաւորեալներ, նաեւ վնասուած են քաղաքային ենթակառուցուածքներ։ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակ բացած են նաեւ հայկական եւ միջազգային մետիայի ներկայացուցիչներուն վրայ՝ մասնագիտական աշխատանք կատարելու ժամանակ։

Բնականաբար, երէկ շարունակուեցաւ նաեւ կողմերու փոխանցած տեղեկութիւններու իրերամերժ բնոյթը։ Պաքուի աղբիւրներն ալ մեղադրական ոճով տեղեկութիւններ փոխանցեցին Հայկական զինեալ ուժերու գործողութիւններուն շուրջ։ Այդ բոլորը լայնօրէն կը ցոլանան նաեւ թրքական մետիային մէջ։ Հայաստանի աղբիւրները կը հաղորդեն, որ ռազմաճակատի վրայ նախաձեռնութիւնը հայկական զօրքերու ձեռքը կը գտնուին։ Հայկական զօրքերու հակաօդային պաշտպանութեան համակարգն ալ կը գործէ բաւական ազդու։ Ատրպէյճանական աղբիւրներն ալ կը խօսին երկրի բանակի արձանագրած յաջողութիւններուն եւ յառաջխաղացման մասին։ Թրքական մամուլը կը գրէ, որ հայկական ուժերը տանուլ կու տան բախումներուն ժամանակ։ Անշուշտ, այս բոլորի հաւաստիութիւնը ճշդել հնարաւոր չէ, որովհետեւ պատերազմական իրավիճակի մէջ հրապարակումները նաեւ քարոզչական նպատակով կը կատարուին եւս առաւել կողմերը հաշուի կ՚առնեն իրենց ժողովուրդներու բարոյահոգեբանական կացութիւնը։

Ըստ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրներուն, Հայկական զինեալ ուժերը 103 կորուստ ունեցած են վերջին բախումներուն ժամանակ, իսկ վիրաւորեալներու թիւն է 120։ Ճշդուած տեղեկութիւններով՝ Ատրպէյճանի բանակէն 1280 զինուոր մահացած է, կայ նաեւ 2700 վիրաւոր։ Ատրպէյճանի զօրքերը ցարդ կորսնցուցած են 5 ռազմաօդանաւ, 11 ուղղաթիռ, 96 անօդաչու թռչող սարք, 184 հրասայլ եւ զրահապատ ինքնաշարժ, 2 «Սմերչ» համազարկային համակարգ, 3 «Թոս» ծանր հրետանային համակարգ, 1 «Ուրական» համազարկային կրակի կայանք, 10 զրահափոխադրիչ, 82 զինուորական ինքնաշարժ եւ այլն։ Հայկական կողմի մատուցած պատկերով Ատրպէյճանի զօրքերու վնասները անհամեմատելիօրէն աւելի են։

Ռազմաճակատէն հասած այս տուեալներու մթնոլորտին մէջ, քաղաքական ու դիւանագիտական հարթութեան վրայ ալ թէժ իրադարձութիւնները կը շարունակուին՝ զուգորդուելով բոլոր կողմերէ խստաշունչ յայտարարութիւններով։ Այս ծիրին մէջ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ ալ լուրջ բանավէճ մը ստեղծուած է։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ռապըրթ Օպրայէնի հետ։ Փաշինեանի հետ կապուեցաւ նաեւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշէնքօ, որ երէկ զանգած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ հանդիպումներ ունեցան Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթի հետ։ Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի եւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ։

Առկայ թէժ իրավիճակին մէջ Երեւանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերը երէկ հարցազրոյցներ տուին միջազգային մետիայէ շարք մը յառաջատար լրատուամիջոցներու։ Այս ամբողջին մէջ կարեւոր էր նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած հետեւալ գրառումը. «Սա արդէն պարզապէս Լեռնային Ղարաբաղի հարց չէ։ Սա միայն հայ ժողովուրդի անվտանգութեան հարց չէ։ Սա այլեւս միջազգային անվտանգութեան հարց է։ Հայ ժողովուրդը կը պաշտպանէ նաեւ միջազգային անվտանգութիւնը՝ ստանձնելով նորագոյն պատմութեան առաքելութիւն մը»։ Փաշինեան, որ Անգարայի ղեկավարութեան եւ թրքական մետիային կողմէ բուռն ձեւով կը քննադատուի, երէկ նշեց նաեւ, որ հարիւր տարի անց Թուրքիա Հարաւային Կովկաս վերադարձած է՝ շարունակելու համար հայոց ցեղասպանութիւնը։ «Էլ Ճեզիրէ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Մեր խնդիրը պաշտպանուիլն է, որովհետեւ Ատրպէյճան յարձակած է»։

Արմէն Սարգսեանն ալ հարցազրոյց մը տուաւ «Էլ Ճեզիրէ»ին եւ յայտնեց, որ Թուրքիա պէտք է իր գործողութիւններով տարածքաշրջանը ապակայունացնէ։ BBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ալ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Եթէ մենք Ատրպէյճանին թոյլ տանք էթնիք զտումներ իրականացնել, ապա տեղի կ՚ունենայ այն ինչ, որ եղած էր 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ։

Իր կարգին Զօհրապ Մնացականեանն ալ Sky News-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Հայաստան որեւէ նախապայման չի դներ եւ կը յայտարարէ, որ խաղաղ կարգաւորումը չունի այլընտրանք։ Ատրպէյճան կը փորձէ խնդիրը լուծել ուժային մեթոտներով՝ Հայաստանէն եւ Արցախէն միակողմանի զիջումներու ակնկալութեամբ, սակայն բացառուած է»։

Նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանն ալ երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ըսաւ. «Սուրիայէ եւ Լիպիայէ ահաբեկիչներու Ատրպէյճան տեղափոխումը ունի հեռահար նպատակներ։ Ատրպէյճան կրնայ անոնց տեղակայման վայրը դառնալ, իսկ տարածքաշրջանը վերածել արիւնահեղութեան դաշտի։ Այս հեռանկարը վտանգ կը սպառնայ նաեւ հարեւան տարածքաշրջաններու համար։

ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ ԴԱԴՐԱԾ

Միւս կողմէ, Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Ռուսական դեսպանատան նախաձեռնութեամբ այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գրասենեակին մէջ։ Այս հանդիպման ժամանակ Սերժ Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ առկայ իրավիճակին մէջ իր գլխաւորած կուսակցութիւնը ներքին քաղաքական պայքարը դադրեցուցած է Հայաստանի իշխանութիւններուն դէմ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020