ՇՔԵՂ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՆԵՐ

Սպանացի լուսանկարիչը բացայայտած է շքեղ լուսանկարներ ստանալու գաղտնիքները։ Այսպէս, լուսանկարները, որոնց ստեղծման համար առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ բարդ հնարքներ անհրաժեշտ են, յաճախ կարելի է ստանալ առանց դժուարին փորձագիտական միջոցներու ու յատուկ սրահի: Անոր համար բաւական է միայն ստեղծարար միտք ու փափաք ունենալ. ահա այս գաղափարախօսութեամբ կ՚առաջնորդուի Պարսելոնայի մէջ բնակող լուսանկարիչ Ճորտի Պուինկ, որ իր ստեղծած լուսանկարներուն կից կը ներկայացնէ անոնք ստանալու ձեւերն ու մինչ այդ անցած ուղին, կը գրէ boredpanda.com կայքէջը:

Մօտաւորապէս 3 միլիոն Instagram-ի հետեւորդ ունեցող լուսանկարիչը ինքզինք կը համարէ խելագար արուեստագէտ, սակայն միեւնոյն ժամանակ մարդ, որ գիտէ՝ ինչպէս վայելել կեանքը: Անոր խօսքով՝ իր արուեստը կ՚առանձնանայ պարզութեամբ, քանի որ ան նկարները կը ստեղծէ ամենահասարակ իրերու համադրութեամբ:

«Ամէն բան կարելի է գեղարուեստօրէն ներկայացնել: Ուզածս կրնամ լուսանկարել», նշած է լուսանը-կարիչը՝ աւելցնելով, որ կարեւորը ճիշդ ընտրուած անկիւնը, լոյսը եւ քանի մը այլ պարզ գաղտնիքներն են:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020