ԱՔԱՐ-ՕՍԹԻՆ ԶՐՈՅՑ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ճէյմս Օսթինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները ընդգծեցին իրենց կողմէ ընծայուած կարեւորութիւնը՝ երկու երկիրներու միջեւ ռազմական յարաբերութիւններու ամրապնդման նպատակով։ Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին Աքար եւ Օսթին, երկկողմանի օրակարգի վերաբերեալ նիւթերու առընթեր, շօշափեցին տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան վերաբերեալ նիւթեր։ Անոնք անդրադարձան աւելի սերտ համագործակցութիւնով եւ համակարգուած ընթացքով երկկողմանի ռազմական յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութեան։

Աքար-Օսթին զրոյցը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի՝ վերջին օրերուն Սոչիի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն անմիջապէս վերջ։ Անոնք դէմ առ դէմ քննարկած էին համատեղ ռազմական բազմաթիւ ծրագրերու ընթացքը՝ ներառեալ «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան ռուսական հրթիռային համակարգերը, որոնց Թուրքիոյ կողմէ ձեռք բերուիլը ԱՄՆ-ի մօտ լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է։ Անգարա վերջին շրջանին կը բարձրաձայնէ նոր «Ս-400»ներ ձեռք բերելու մտադրութիւնը, ինչ որ Ուաշինկթընի հետ նոր տագնապի մը պատճառ կրնայ դառնալ։ Աքար-Օսթին զրոյցը, միեւնոյն ժամանակ, յաջորդած է այն հրապարակումներուն, որոնցմով տեղեկացուած էր, որ ամսավերջին նախատեսուած է Էրտողանի հանդիպումը ԱՄՆ-ի նախագահ Պայտընի հետ՝ Հռոմի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2021