ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԱՐՏԱՍՈՒՔ

Երէկ, Երեւանի մէջ, Օփերայի համալիրէն ներս սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ երգիչ Հայկոյի համար, որ վերջին օրերուն զոհ գացած էր քորոնաժահրի համաճարակին եւ իր կորուստը համատարած ցաւ ստեղծած էր։ Օր մը առաջ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութենէն վերջ, Հայկոյի դագաղը երէկ զետեղուեցաւ «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահի երդիքին տակ։ Իր նշանաւոր «Վերեւ» երգը կը հնչէր ամէնուրեք։ Իրեն համար կազմակերպուած սգահանդէսն ալ եղաւ յուզումնախառն վերջին հրաժեշտ մը՝ ձեւով մը սիրոյ ճամբով դէպի վերեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սգահանդէսի մասնակիցները ցաւ ի սիրտ իրենց խոնարհումը բերին Հայկոյի դագաղին առջեւ ծափահարութիւններով, ծաղիկներով եւ արտասուքով։

Հուսկ, դագաղը ուսամբարձ փոխադրուեցաւ եւ Հայկոյի մարմինը ամփոփուեցաւ Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2021