ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՎԵՐՍԿԻԶԲ

Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի  հետ։ Նկատի ունենալով, որ վերջերս Ռուսաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ՝ Միրզոյեան այս կապակցութեամբ շնորհաւորեց ռուս պաշտօնակիցը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակից նախարարները մանրամասն քննարկեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ընթացքը, նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային օրակարգին վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։ Անոնք ընդգծեցին բարձր մակարդակի վրայ շփումներու նշանակութիւնը։

Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած վերջին շփումներուն։ Ինչպէս ծանօթ է, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները անցեալ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ նախ առանձին հանդիպումներ ունեցած էին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, իսկ աւելի վերջ մէկտեղած էին զանոնք։ Յետպատերազմեան շրջանին սա նախարարներու մակարդակով առաջին հանդիպումը եղած էր կողմերուն միջեւ։ Երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Միրզոյեան եւ Լաւրով ամփոփեցին այդ շփումներու արդիւնքները։ Արարատ Միրզոյեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ վերսկսելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ եւ յայտնի սկզբունքներու ու տարրերու հիման վրայ։ Երկու նախարարները կարեւորեցին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կեանքի կոչուիլը։ Մարդասիրական խնդիրներու դիմագրաւման համատեսքին մէջ Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց Ատրպէյճանէ ներս պահուած հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը։

Արտաքին քաղաքական ոլորտէ ներս քայլերու համակարգման ամբողջին մէջ կողմերը քննարկեցին ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, ԱՊՀ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէն ներս համագործակցութիւնը՝ մանաւանդ, որ հայկական կողմը ներկայիս ստանձնած է ՀԱՊԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։

Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարար Եագուպ Քուլհանեկը։ Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ տեղեկացուեցաւ, որ անոնք կարեւորած են գերիներու եւ պատանդներու վերադարձը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան այս փուլին ալ յայտնեց, թէ Երեւան պատրաստ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափին մէջ վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման լիարժէք գործընթացը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2021