ՆԱԽԱԳԱՀ-ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին Սարգսեան եւ Փաշինեան քննարկեցին արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման վերաբերեալ հարցեր։ Նախագահն ու վարչապետը անդրադարձան նաեւ կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն, 2022 թուականի պետական պիւտճէի նախագծով որդեգրուած ծրագրերուն վերաբերեալ խնդիրներ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2021