ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Երէկ, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի, Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի գագաթաժողովը։ Սոյն գագաթաժողովին մասնակից ղեկավարները առանձնազրոյցներ ալ ունեցան իրարու հետ։ Այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր անցեալ տարի Պաքուի մէջ, իսկ յաջորդը տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստանի մէջ յառաջիկայ տարի։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, եռակողմանի գագաթաժողովի ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ՝ որպէսզի պահպանուի Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ համաձայնագիրը։ Հասան Ռուհանի յայտարարեց նաեւ, որ իր երկրի եւ Ռուսաստանի համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի Սուրիոյ մէջ՝ մինչեւ ահաբեկիչներու վերջնական պարտութիւնը։

Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Փութին-Ալիեւ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու վերաբերեալ նիւթերու։ Փութին ընդգծեց, որ իր պաշտօնակցին հետ մշտապէս կը խորհրդակցի տարածքաշրջանային խնդիրներու մասին։ Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ յայտնեց, որ Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կը կրեն ռազմավարական բնոյթ։

Թեհրանի եռակողմանի գագաթաժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ չկարգաւորուած հակամարտութիւնները լուրջ խոչընդոտ են տարածքաշրջանային համագործակցութեան համար։ Այս առընչութեամբ երեք ղեկավարները ընդգծեցին միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ չափանիշներու ու անոնց համապատասխան ընդունուած որոշումներու եւ փաստաթուղթերու հիման վրայ բանակցութիւններու միջոցաւ այդ հակամարտութիւններու շուտափոյթ խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը։ Փութին, Ռուհանի եւ Ալիեւ ընդգծեցին իրենց երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման, առեւտրատնտեսական կապերու յետագայ աշխուժացման ուղղութեամբ համատեղ ջանքերու կարեւորութիւնը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2017